Ատրպէյճանի Քարիւղի Պետական Ընկերութիւնը գաղտնաբար վճարած է ամերիկացի 10 քոնկրեսականներու եւ անոնց անձնակազմի 32 անդամներուն դէպի Պաքու ճամբորդութեան բոլոր ծախսերը, հոն 2013ին կայացած Կաս պից Ծովու հարցերուն նուիրուած գիտաժողովին մասնակցելու համար:
Ըստ Tert.amի, որ կը վկայակոչէ «Ուաշինկթըն Փոսթ»ը՝ օրէնսդիրները եւ անոնց անձնակազմի անդամները հարիւր հազարաւոր տոլար ստացած են ճամբորդական ծախսերուն համար, ինչպէս նաեւ՝ մետաքսեայ վզնոցներ, բիւրեղապակեայ սպասներ եւ ատրպէյճանական գորգեր՝ 2500-10,000 տոլար արժողութեամբ: Հաշիւները ցոյց կու տան, որ քոնկրեսականներու ուղեւորութիւնը արժած է 112.899 տոլար:
Քոնկրեսի անկախ քննչական ճիւղը հանդիսացող Քոնկրեսական Բարոյակարգի Գրասենեակի 70 էջնոց զեկոյցին համաձայն՝ Ատրպէյճանի քարիւղի «Սոքար» պետական ընկերութիւնը Ամերիկայի մէջ գործող ոչ-շահութաբեր ընկերութիւններու միջոցով 750.000 տոլար յատկացուցած է նշեալ գիտաժողովին ծախսերը վճարող կողմին աղբիւրը ծածկելու համար: