Թուր­քիոյ նա­խա­գահ Ռե­ճեպ Թա­յիպ Էր­տո­ղան անս­պա­սե­լի ա­ջակ­ցութ­յուն ստա­ցած է «Իս­լա­մա­կան Պե­տու­թիւն» խմբա­ւոր­ման կող­մէ՝ մէ­կու­կէս մի­լիոն Հա­յե­րու Ցե­ղաս­պա­նութ­յան 100րդ տա­րե­լի­ցին առ­թիւ։ Այս մա­սին կը գրէ theisraelidaily.comը` մէջ­բե­րե­լով ԻԼԻ­Պի ա­ռաջ­նոր­դին

խօս­քը: «­Ձեր ժո­ղո­վուր­դը աշ­խար­հի տար­բեր ան­կիւն­նե­րը ցոյց տո­ւած է իր ե­րի­տա­սարդ ճի­հա­տա­կան­նե­րուն, ո­րոնք ի­րա­կա­նին մէջ ի վի­ճա­կի են մէջ­տե­ղէն վերց­նե­լու խա­չա­կիր բա­նակ­նե­րը: Սա­տա­նա­յի հե­տե­ւորդ­նե­րը ա­նոնց կող­քին ե­ղած են այն ժա­մա­նա­կէն ի վեր, երբ 1915ին Օս­մա­նեան Կայս­րու­թիւ­նը ցոյց տո­ւաւ իր կա­տա­ղու­թիւ­նը: Շ­նոր­հա­կա­լու­թիւն»,- ԻԼԻ­Պի ա­ռաջ­նորդ Ա­բու Պաքր Ալ-­Պաղ­տա­տին գրած է Էր­տո­ղա­նին: Ի պա­տաս­խան` Թուր­քիոյ նա­խա­գա­հը հե­ռուս­տա­տե­սա­յին հար­ցազ­րոյ­ցի ժա­մա­նակ ը­սած է.- «Ա­րեւմ­տեան աշ­խար­հը կ’ա­ջակ­ցի հա­յե­րու սու­տե­րուն եւ կը լե­ցո­ւի ա­տե­լու­թեամբ: Մենք կը շա­րու­նա­կենք պնդել, որ մօտ 2 մլն. հայ զո­հո­ւած է Ա­ռա­ջին Աշ­խար­հա­մար­տի ժա­մա­նակ տե­ղի ու­նե­ցած 8,5 մակ­նի­թիւտ ուժգ­նու­թեամբ երկ­րա­շար­ժին հե­տե­ւան­քով: Այ­դու­հան­դերձ, մենք հպարտ ենք ԻԼԻ­Պի հետ մեր զար­գա­ցող յա­րա­բե­րու­թիւն­նե­րով եւ ան­համ­բեր կը սպա­սենք կազ­մա­կեր­պու­թեան ա­պա­գայ պա­հանջ­նե­րուն»։