­altԹուր­քիոյ վար­չա­պե­տի նախ­կին խորհր­դա­կան Է­թիեն ­Մահ­ճու­բեան իր հեր­թա­կան յօ­դո­ւա­ծին մէջ անդ­րա­դար­ձած է ­Թուր­քիոյ մէջ հայ­կա­կան հար­ցի քննարկ­ման խնդի­րին:

Ան կը գրէ. «­Հա­յե­րու` մեծ յոյ­սե­րով, իսկ թուր­քե­րու` մեծ մտա­հո­գու­թեամբ սպա­սո­ւած Ապ­րիլ 24-ը բա­ւա­կան մեղմ մթնո­լոր­տի մէջ ան­ցաւ: ­Սա­կայն100-ա­մեա­կի խորհր­դան­շա­կան ի­մաս­տը են­թադ­րել կու տար, որ ա­տի­կա ա­ւե­լի ծայ­րա­յե­ղա­կան մթնո­լոր­տի մէջ պի­տի անց­նի:

«­Թուր­քիոյ պաշ­տօ­նա­տար­նե­րուն կող­մէ Հ­ռո­մի պա­պի, Վ­լա­տի­միր ­Փու­թի­նի կամ ­Գեր­մա­նիոյ նա­խա­գահ ­Կաու­քի հաս­ցէին հնչե­ցու­ցած կարծր պա­տաս­խան­նե­րը թող չշփո­թեց­նեն ոե­ւէ մէ­կը:

«­Թուր­քիոյ` վեր­ջին եր­կու տա­րի­նե­րուն ըն­թաց­քին յղած ցա­ւակ­ցա­կան ու­ղերձ­նե­րը ռազ­մա­վա­րու­թեան մէկ մասն են, եւ ա­նոնց խոր­քին մէջ երկ­խօ­սու­թեան կոչ կայ:

«Ինչ­պէս կ’ե­րե­ւի` կա­ռա­վա­րու­թիւ­նը կը փա­փա­քի ­Հայ­կա­կան հար­ցը վե­րա­ծել հա­յե­րու, թուր­քե­րու եւ քիւր­տե­րու հա­մար «երկ­խօ­սու­թիւն կա­տա­րե­լու» բնոր­դի:

«­Կը նա­խա­տե­սո­ւի, որ ա­տով հա­յե­րու տե­սա­կէ­տը ա­ւե­լի պի­տի ընդ­լայ­նի, միեւ­նոյն ժա­մա­նակ` թուրք ժո­ղո­վուր­դը ա­ւե­լի շատ բան պի­տի ի­մա­նայ, պի­տի ա­զա­տի ան­ցեա­լի եւ ինք­նու­թեան վե­րա­բե­րեալ նա­խա­պա­շա­րում­նե­րէն եւ հո­գե­բա­նա­կան մթնո­լոր­տը պի­տի հան­դար­տի:

«­Սա­կայն քննարկ­ման եւ կար­գա­ւոր­ման օ­գու­տը ա­տով պի­տի չսահ­մա­նա­փա­կո­ւի: ­Հայ­կա­կան հար­ցին շուրջ խօ­սի­լը «Իթ­թի­հատ վէ ­Թե­րա­քի»-ի ժա­մա­նա­կաշր­ջա­նը իր բո­լոր կող­մե­րով դար­ձեալ ու­սում­նա­սի­րե­լու կա­րե­լիու­թիւն պի­տի տայ:

«Իշ­խող Ար­դա­րու­թիւն եւ բար­գա­ւա­ճում կու­սակ­ցու­թիւ­նը կը մտա­հո­գէ այն, որ ­Հայ­կա­կան հար­ցը աշ­խար­հի օ­րա­կար­գին վրայ է եւ կ’օգ­տա­գոր­ծո­ւի ­Թուր­քիոյ դէմ:

«­Սա­կայն բո­լո­րո­վին ալ դէմ չէ, որ հար­ցը ըլ­լայ ­Թուր­քիոյ օ­րա­կար­գին վրայ եւ օգ­տա­գոր­ծո­ւի իթ­թի­հա­տա­կան­նե­րուն դէմ:

«­Նոր սահ­մա­նադ­րու­թեան պատ­րաստ­ման ու «­Նոր ­Թուր­քիա»-ի ձե­ւա­ւոր­ման այս շրջա­նին այդ­պի­սի քննարկ­ման են­թա­հո­ղը իշ­խա­նու­թեան օգ­տին պի­տի ըլ­լայ…

«Ար­դա­րու­թիւն եւ բար­գա­ւա­ճում կու­սակ­ցու­թիւ­նը կը փա­փա­քի հան­րա­պե­տու­թիւ­նը ա­ւե­լի բազ­մա­կար­ծիք եւ օ­րի­նա­կան հիմ­քի վրայ դնել: ­Հայ­կա­կան հար­ցի «տե­ղայ­նա­ցու­մը» այդ ճամ­բան ա­ւե­լի պի­տի ա­րա­գաց­նէ»: