Թուր­քիոյ նա­խա­գահ Էր­տո­ղան կրկին ցնցիչ ար­տա­յայ­տու­թիւն­ներ ու­նե­ցած է, այս ան­գամ ալ Ղա­զախս­տան այ­ցե­լու­թե­նէն ա­ռաջ: Ապ­րիլ 15ին, նախ­քան ճամ­բոր­դու­թիւ­նը, երբ դեռ Եւ­րո­պա­կան Խորհր­դա­րա­նը չէր քո­ւէար­կած Հա­յոց Ցե­ղաս­պա­նու­թեան բա­նա­ձե­ւը, այդ քո­ւէար­կու­ թեան հա­ւա­նա­կան ար­դիւն­քին մա­սին լրագ­րող­նե­րու հար­ցու­մին պա­տաս­խա­նե­լով՝ Թուր­քիոյ նա­խա­գա­հը ը­սած է.-

«Ինչ­պի­սի՞ ո­րո­շում կը կա­յացը­նեն՝ չեմ գի­տեր։ Ազ­գո­վին թէ զան­գո­ւա­ծա­յին լրա­տու մի­ջոց­նե­րու մա­կար­դա­կով, չեմ գի­տեր ին­չո՞ւ միշտ պաշտ­պա­նո­ղա­կան դիր­քեր կ­՚որ­դեգ­րենք։ Ես, որ­պէս հան­րա­պե­տու­թեան նա­խա­գահ, պաշտ­պա­նո­ղա­կան դիր­քի մտա­հո­գու­թիւն չու­նիմ։ Մեր վրայ գո­յու­թիւն չու­նի ցե­ղաս­պա­նու­թեան բի­ծը, շու­քը։ Սա պա­հուս, երկ­րիս մէջ քա­ղա­քա­ցիի եւ ոչ-քա­ղա­քա­ցիի կար­գա­վի­ճա­կով ա­ւե­լի քան 100.000 հայ կ­՚ապ­րի։ Ար­դեօք ի­րենց եր­կիր­նե­րուն մէջ քա­նի՞ հայ կայ։ Բա­ցի ատ­կէ, ար­դեօք մենք մեր հա­մա­քա­ղա­քա­ցի հա­յե­րուն նկատ­մամբ միւս քա­ղա­քա­ցի­նե­րէն տար­բեր վե­րա­բե­րում ցու­ցա­բե­րա՞ծ ենք»։

«­Հոս կան հա­յեր, ո­րոնք երկ­րին քա­ղա­քա­ցի­նե­րը չեն եւ կրնանք զա­նոնք ար­տաք­սել, բայց չենք ը­ներ»։

Ա­պա, Էր­տո­ղան շա­րու­նա­կած է՝ հարց տա­լով.- «­Սա պա­հուս, մեր երկ­րին մէջ ապ­րող հայ քա­ղա­քա­ցի­նե­րը կրօ­նա­կան կամ կեն­ցա­ղա­յին ի՞նչ հարց ու­նին։ Հոս կան հա­յեր, ո­րոնք երկ­րին քա­ղա­քա­ցի­նե­րը չեն եւ կրնանք զա­նոնք ար­տաք­սել բայց չենք ը­ներ։ Վա­նի Աղ­թա­մա­րի ե­կե­ղեց­ւոյ ամ­բողջ վե­րա­նո­րո­գու­մը կա­տա­րո­ւե­ցաւ պե­տու­թեան կող­մէ։ Մենք կը հիւ­րըն­կա­լենք ի­րենց եր­կիր­նե­րէն փա­խուս­տի դի­մած հա­յե­րը։ Այս­պի­սի վե­րա­բե­րում ցու­ցա­բե­րող երկ­րի մը հա­մար ան­կա­րե­լի է ըմբռ­նել իր նկատ­մամբ վե­րա­պահո­ւող նման կե­ցո­ւածք»։ Էր­տո­ղան եզ­րա­փա­կած է՝ ը­սե­լով.- «Եւ­րո­պա­կան Խորհըր­դա­րա­նը կրնայ կա­յաց­նել իր ու­զած ո­րո­շու­մը. մեր մէկ ա­կան­ջէն կը մտնէ ու միւ­սէն կ­՚ել­լէ»։