«Սէր, սէր, սէր» յու­շագ­րու­թիւ­նը հա­զո­ւա­գիւտ սկզբնաղ­բիւր է մին­չեւ Ցե­ղաս­պա­նու­թիւ­նը Օս­մա­նեան կայս­րու­թեան մէջ ապ­րող հա­յե­րու կեան­քին մա­սին: Հա­յոց Ցե­ղաս­պա­նու­թեան թան­գա­րան-հիմ­նար­կին կող­մէ հրա­տա­րա­կած այս գիր­քը պատ­մա­կան բա­ցա­ռիկ աղ­բիւր է մարմ­նակր­թու­թեան պատ­մու­թեան, Ո­ղիմ­պիա­կան խա­ղե­րու, Հա­մաշ­խար­հա­յին Ա. պա­տե­րազ­մի, Հա­յոց ցե­ղաս­պա­նու­թեան, ինչ­պէս նաեւ գաղ­թա­կան­նե­րու եւ բռնա­գաղ­թի մա­սին:

Օս­մա­նեան պատ­մու­թեան մէջ ա­ռա­ջին ան­գամ եր­կու հայ մարմ­նա­մար­զիկ­ներ` Վահ­րամ Փա­փա­զեանն ու Մկր­տիչ Մկ­րեա­նը ներ­կա­յա­ցու­ցին Օս­մա­նեան կայս­րու­թիւ­նը 1912-ին Ս­թոք­հոլ­մի մէջ տե­ղի ու­նե­ցած Ո­ղիմ­պիա­կան հին­գե­րորդ խա­ղե­րուն:

«1912-ին Ս­թոք­հոլ­մի մէջ տե­ղի պի­տի ու­նե­նա­յին Մի­ջազ­գա­յին Ո­ղիմ­պիա­կան մրցում­նե­րը, ո­րոնց մաս­նակ­ցե­լու հրա­ւէ­րը ստա­ցեր էր նաեւ Թուր­քիա: Բայց թուր­քե­րը մար­զիկ չու­նէին, որ ղրկէին, բայց հա­յե­րը ու­նէին. հա­յե­րը ո­րո­շե­ցին հայ մար­զիկ ղրկել` ներ­կա­յաց­նե­լու հսկայ կայս­րու­թիւ­նը եւ յա­ջո­ղե­ցան, ու պատ­մու­թեան մէջ ա­ռա­ջին ան­գամն ըլ­լա­լով Թուր­քիա ա­ռա­ջին ան­գամ կը մաս­նակ­ցէր այս կար­գի մի­ջազ­գա­յին մրցում­նե­րու, իբ­րեւ ազգ, եր­կու հա­յե­րու շնոր­հիւ, ինչ­պէս յե­տոյ պի­տի տես­նո­ւի… Երբ ա­ռա­ւօ­տուն Ս­թոք­հոլմ հա­սայ, տե­սայ, որ փո­ղոց­նե­րը եւ մեծ հաս­տա­տու­թիւն­նե­րը ո­ղիմ­պիա­կան­նե­րուն մաս­նակ­ցող բո­լոր մեծ ու փոքր ազ­գե­րուն դրօ­շակ­նե­րո­վը զար­դա­րո­ւած էին, բայց թրքա­կա­նը ա­մէն կողմ կը պակ­սէր:

Այս պա­րա­գան զիս շատ յու­զեց. վեր­ջա­պէս հայ­րե­նի­քիս` Թուր­քիոյ պաշ­տօ­նա­կան ներ­կա­յա­ցու­ցիչն էի եւ ին­ծի հա­մար տե­սակ մը նա­խա­տինք էր հայ­րե­նի­քիս հան­դէպ ցոյց տրո­ւած այս տգեղ վե­րա­բեր­մուն­քը:

Ին­ծի յատ­կա­ցո­ւած բնա­կա­վայրս չգա­ցած, ճամ­բոր­դու­թեան պա­յու­սակ­նե­րը հետս ա­ռած, ինք­նա­շարժ մը ա­ռի եւ ուղ­ղա­կի թուրք դես­պա­նա­տու­նը գա­ցի` զայ­րոյթս յայտ­նե­լու եւ ան­մի­ջա­կան դար­ման մը պա­հան­ջե­լու հա­մար:

Թուրք դես­պա­նին ինք­նու­թիւնս յայտ­նե­լէ եւ ա­նոր շնոր­հա­ւո­րու­թիւն­նե­րը ըն­դու­նե­լէս ան­մի­ջա­պէս յե­տոյ ը­սի. «­Պէյ է­ֆեն­տի, Ս­թոք­հոլ­մի մթնո­լոր­տը ին­ծի հա­մար անշն­չե­լի է, ես պա­յու­սակ­ներս շալ­կած կ­՛ու­զեմ կրկին հայ­րե­նիքս վե­րա­դառ­նալ: Ամ­բողջ Ս­թոք­հոլմ օ­տար դրօ­շակ­նե­րով զար­դա­րո­ւած է, բա­ցի թրքա­կա­նէն եւ այս պա­րա­գան նա­խա­տի՛նք մըն է ին­ծի հա­մար եւ հայ­րե­նի­քիս դէմ: Ես հոս կը մնամ միայն այն պայ­մա­նով, որ մի­ջոց­ներ ձեռք առ­նէք եւ յա­ջո­ղիք, որ իմ հայ­րե­նի­քիս դրօշն ալ ծա­ծա­նի բո­լո՜ր միւս ազ­գե­րուն կող­քին»:

Թուրք դես­պա­նը դէմս ար­ձան կտրո­ւե­ցաւ… Ու­րիշ շա՜տ շա­տե­րու նման չէր հա­ւա­տար, որ հայ մը այս­քան կը սի­րէ, կը յար­գէ իր թուրք հայ­րե­նի­քը… Թե­րեւս այդ պա­հուն միտ­քէն ալ չան­ցաւ այն պարզ ի­րո­ղու­թիւ­նը, թէ` հա­յը իր թուրք հայ­րե­նի­քը միշտ սի­րած է, բայց թո՛ւրքն է, որ չէ սի­րած իր օ­րի­նա­կե­լի օս­ման­ցի թուրք հա­յը եւ զայն հա­լա­ծած է ա­մէն տեղ եւ ա­մէն ա­ռի­թով…

Եւ ար­դա­րեւ, եր­կու ժամ վեր­ջը, թրքա­կան դրօ­շը ա­մէն կողմ սկսաւ ծա­ծա­նիլ` շնոր­հիւ հայ ե­րի­տա­սար­դի մը, որ քա­նի մը տա­րի­ներ յե­տոյ պի­տի լար ի­րեն նման հայ­րե­նա­սէր ժո­ղովր­դի մը ան­թա՜ղ, մի­լիո­նա­ւո՜ր դիակ­նե­րու վրայ… ջար­դո­ւած թուր­քէն»: Փա­փա­զեա­նը, որ­պէս Հա­յոց ցե­ղաս­պա­նու­թեան վե­րապ­րող եւ ա­կա­նա­տես, ըն­թեր­ցո­ղին կա­րե­ւոր տե­ղե­կու­թիւն կու տայ Ցե­ղաս­պա­նու­թեան մա­սին:

«Ա­նար­դա­րա­նա­լի զրպար­տու­թիւն մըն ալ այն է, որ հա­յե­րը ջար­դո­ւե­ցան, ո­րով­հե­տեւ Ռու­սիոյ կ­՛օգ­նէին եւ ա­նոր հա­շո­ւոյն լրտե­սու­թիւն կ­՛ը­նէին: Ե­թէ այս փաս­տար­կու­թիւ­նը նոյ­նիսկ ճշդան­ման ըլ­լայ, Խար­բեր­դի նման ազ­նիւ ու խա­ղաղ, հա­ւա­տա­րիմ եւ ու­շիմ հայ զան­գո­ւած մը ին­չո՞վ էր մե­ղա­ւոր, որ մին­չեւ յե­տին ե­րե­խան սու­րէ ան­ցո­ւե­ցան»:

Վահ­րամ Փա­փա­զեա­նի` ա­ռա­ջին ան­գամ անգ­լե­րէ­նով հրա­տա­րա­կո­ւած յու­շագ­րու­թիւ­նը խմբագ­րո­ւած է պատ­մա­կան գի­տու­թիւն­նե­րու դոկ­տոր Հայկ Դե­մո­յեա­նի կող­մէ: Գիր­քին բնօ­րի­նա­կը լոյս տե­սած է 1962 թո­ւա­կա­նին, Պէյ­րու­թի մէջ: