Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւնը (Ա.Գ.Ն.), որ Պապի Կիրակի օրուան Հայոց Ցեղասպանութիւնը ճանչցող յայտարարութենէն անմիջապէս ետք իր Վատիկանի դեպսանը ետ կանչած էր, նոյն յայտարարութեան լոյսին տակ հրապարակած է հաղրդագրութիւն մը, որուն մէջ կ՛ըսէ, թէ համայն կաթոլիկներու հոգեւոր առաջնորդին խօսքերը «որեւէ աղերս չունին պատմական եւ իրաւական իրողութիւններու հետ»:
Թուրքիոյ Ա.Գ.Ն.ը մեղադրած է Հռոմի պապը «ցաւերուն միջեւ խտրականութիւն դնելու, ընտրողական մօտեցումով Առաջին Աշխարհամարտի տարիներուն զոհուած թուրք եւ իսլամ ժողովուրդներու կրած ցաւերը անտեսելով՝ միայն քրիստոնեաներու եւ, մասնաւորապէս, հայերու ցաւերը առաջ քաշելուն մէջ»: Թրքական արտաքին քաղաքական գերատեսչութեան հաղորդագրութեան մէջ Վատիկանը կը մեղադրեն «մատուցուած պատարագին ընթացքին պատմութիւնը քաղաքական գործիք դարձնելուն» մէջ:
«Ցեղասպանութիւնը իրաւական հասկացութիւն է: Հռոմի Ֆրանսիս Պապը իր խօսքին մէջ Պոսնիոյ եւ Ռուանտայի՝ միջազգային դատարաններուն կողմէ որպէս «ցեղասպանութիւն» բնորոշուած ցաւալի դէպքերը որակած է որպէս «զանգուածային կոտորած», իսկ դատական որեւէ որոշում չունեցող 1915 թուականի դէպքերը՝ ցեղասպանութիւն: Այս հակասութիւնը արդարութեան եւ բարոյականութեան հասկացութիւններով մեկնաբանելը անհնար է»,¬ կը նշուի պաշտօնական Անգարայի յայտարարութեան մէջ:
Թուրքիոյ Ա.Գ.Ն.էն յայտնած են, որ իրենք կը մերժեն Հռոմի Պապի նման դիրքորոշումը եւ կը համարեն զայն «խտրականութիւն պարունակող եւ կողմնակալ»: Պաշտօնական Անգարան յայտնած է նաեւ, որ այս մասին իրենց մտահոգութիւնները յայտնած են Թուրքիոյ մօտ Վատիկանի դեսպանին եւ քննարկումներու համար Սուրբ Աթոռէն ետ կանչած են նաեւ Թուրքիոյ դեսպան Մեհմեթ Փաչաճըն:
Պաշտօնական Անգարան արձագանգած է Ֆրանսիս Պապի խօսքերուն
- Details
- Category: Թուրքիա-Ատրպէյճան