Թուր­քիոյ վար­չա­պե­տի գլխա­ւոր խորհր­դա­կան Է­թիեն Մահ­ճու­բեան թուր­քե­րը կատ­ղեց­նող յայ­տա­րա­րու­թիւն կա­տա­րած է` նշե­լով, որ 1915-ը կը ճանչ­նայ իբ­րեւ ցե­ղաս­պա­նու­թիւն: Այս մա­սին կը հա­ղոր­դէ News.am-ը:

Թր­քա­կան «Ար­ճաա­ճենս» կայ­քը կը հա­ղոր­դէ, որ Մահ­ճու­բեան Լոն­տո­նի մէջ բրի­տա­նա­կան խորհր­դա­րա­նին մէջ կազ­մա­կեր­պո­ւած կլոր սե­ղա­նի մը ըն­թաց­քին խօ­սած է Թուր­քիոյ խնդիր­նե­րուն մա­սին եւ անդ­րա­դար­ձած Հա­յոց ցե­ղաս­պա­նու­թեան հար­ցին:

«Ես ե­րէկ ալ ը­սած եմ, որ ինք­զինքս հայ ըլ­լա­լէ ա­ւե­լի օս­ման­ցի կը զգամ: Ես ազ­գայ­նա­կան չեմ, սա­կայն երբ 1915-ը նիւթ կը դառ­նայ, ես կ­՛օգ­տա­գոր­ծեմ «­Հա­յոց ցե­ղաս­պա­նու­թիւն» եզ­րը: Ես կը կար­ծեմ, որ ա­տի­կա ցե­ղաս­պա­նու­թիւն ե­ղած է, ո­րով­հե­տեւ «ցե­ղաս­պա­նու­թիւն» եզ­րը եւ 1915-ին տե­ղի ու­նե­ցա­ծը կը հա­մընկ­նին ի­րա­րու: Ե­թէ ցե­ղաս­պա­նու­թեան եզ­րին սահ­մա­նու­մը փո­խենք, ա­նի­կա կրնայ ցե­ղաս­պա­նու­թիւն չնկա­տո­ւիլ: Շա­տեր կրնան զիս չհասկ­նալ, սա­կայն ցե­ղաս­պա­նու­թիւ­նը ոչ թէ պատ­մա­կան, այլ ի­րա­ւա­կան եզր է», ը­սած է Մահ­ճու­բեան: