Ատր­պէյ­ճան կը շա­րու­նա­կէ Լեռ­նա­յին Ղա­րա­բա­ղի Հան­րա­պե­տու­թիւն այ­ցե­լող օ­տա­րեկ­րեայ նշա­նա­ւոր ան­ձե­րը, պե­տա­կան գոր­ծիչ­նե­րը, լրագ­րող­նե­րը, քա­ղա­քա­կան գոր­ծիչ­նե­րը «ան­ցան­կա­լի անձ» յայ­տա­րա­րել եւ ա­նոնց ա­նուն­նե­րը նե­րա­ռել այս­պէս կո­չո­ւած «սեւ ցու­ցա­կի» մէջ:

Ինչ­պէս կը հա­ղոր­դէ «Ար­մէնփ­րես»­ը, այս ան­գամ Ատր­պէյ­ճան մտա­դիր է իր այդ ծի­ծա­ղե­լի «սեւ ցու­ցա­կը» ընդ­լայ­նել Մարտ 18­ -23-­ին Ե­րե­ւա­նի մէջ տե­ղի ու­նե­ցած «Ա­րա­րա­տի ստո­րո­տին» մի­ջազ­գա­յին մե­տիա հա­մա­ժո­ղո­վին մաս­նա­կից 30 լրագ­րող­նե­րը եւս, ո­րոնք Հա­յոց ցե­ղաս­պա­նու­թեան 100­-ա­մեայ տա­րե­լի­ցի ա­րա­րո­ղու­թիւն­նե­րու ծի­րէն ներս այ­ցե­լած են Ար­ցախ:

Ար­տա­սահ­ման­ցի լրագ­րող­նե­րը, ո­րոնց շար­քին ե­ղած են նաեւ ռու­մի­նա­կան «Ա­տե­վա­րուլ» թեր­թի լրագ­րող Ե­լե­նա Տու­միթ­րին, ռու­սաս­տա­նեան «Ար­կու­մեն­տը ի ֆակ­տի» թեր­թի լրագ­րող Ա­լեք­սանդր Քո­լես­նի­չեն­քոն, «­Չե­խա­կան ռա­դիօ»­-ի հա­ղոր­դա­վար Մո­նի­քա Խոր­սա­կո­վան, ԼՂՀ կա­տա­րած այ­ցի ծի­րէն ներս հան­դի­պած են Ար­ցա­խի Հան­րա­պե­տու­թեան ղե­կա­վա­րու­թեան հետ եւ այ­ցե­լած շարք մը կա­ռոյց­ներ:

Ատր­պէյ­ճա­նա­կան ԱՓԱ լրա­տո­ւա­կան գոր­ծա­կա­լու­թիւ­նը կը յայտ­նէ, որ Ատըր­պէյ­ճա­նի ար­տա­քին գոր­ծոց նա­խա­րա­րու­թեան խօս­նակ Հիք­մեթ Հա­ճի­զա­տէն այդ առն­չու­թեամբ յայ­տա­րա­րած է, թէ ա­նոնց նկատ­մամբ «հա­մա­պա­տաս­խան մի­ջոց­ներ կը ձեռ­նար­կո­ւին», որ­մէ են­թադ­րե­լի է, որ ատր­պէյ­ճա­նա­կան ԱԳՆ-­ի «սեւ ցու­ցա­կը» պի­տի ընդ­լայ­նո­ւի եւս 30 ար­տա­սահ­ման­ցի­նե­րու ա­նուն­նե­րով:

Ատր­պէյ­ճա­նի ԱԳՆ-­ի «սեւ ցու­ցա­կին» մէջ մին­չեւ հի­մա ար­դէն նշո­ւած են 350-էն ա­ւե­լի ան­ձիք, ո­րոնք ի­րենց ցան­կու­թեամբ այ­ցե­լած են ԼՂՀ: Ա­նոնց մե­ծա­մաս­նու­թիւ­նը յայ­տա­րա­րած է, որ ի­րենց հա­մար միեւ­նոյն է, թէ ար­տա­սահ­ման­ցի­նե­րու` ԼՂՀ այ­ցի մա­սին ինչ կը մտա­ծէ Պա­քուն: