Թուր­քիոյ խորհր­դա­րա­նին մէջ, ­Մարտ 18ին տե­ղի ու­նե­ցած է յա­տուկ նիստ մը՝ նո­ւիրուած ­Կա­լի­փո­լիի ճա­կա­տա­մար­տի 100ա­մեա­կին: Ըստ թրքա­կան «­Միլ­լի­յէթ» թեր­թին՝ նիս­տի ըն­թաց­քին հնչած «ցե­ղաս­պա­նու­թիւն» բա­ռը ի­րա­րան­ցում յա­ ռա­ջա­ցու­ցած է պատ­գա­մա­ւոր­նե­րուն մօտ: ­Թուր­քիոյ ­Ժո­ղո­վուրդ­նե­րու ­Ժո­ղովր­դա­վա­րա­կան ­Կու­սակ­ցու­թեան (HDP) ա­նու­նով ե­լոյթ ու­նե­ցած պատ­գա­մա­ւոր ­Լե­ւենթ ­Թու­զել, իր խօս­քին մէջ, հա­յե­րուն նկատ­մամբ կա­տա­րո­ւա­ծը բնո­րո­շած է իբ­րեւ «ցե­ղաս­պա­նու­թիւն»:

­Թու­զել ը­սած է.- «­Մեր հայ քա­ղա­քա­ցի­նե­րը՝ ա­նա­տո­լիա­ցի­նե­րը, լաւ էին, երբ կը պա­տե­րազ­մէին այն­տեղ (­Կա­լի­փո­լի): ­Բայց միւս կող­մէ, նոյն ժա­մա­նա­կին, ­Պոլ­սոյ մէջ ­Բարձր ­Դու­ռը, ­Սուլ­թա­նահ­մե­տի մէջ, հայ մտա­ւո­րա­կան­ներ կ­՛աք­սո­րէր: Ե­թէ մենք բո­լորս հպար­տու­թեամբ կը պար­ծե­նանք «­Կա­լի­փո­լին ա­նան­ցա­նե­լի է» կար­գա­խօ­սով եւ տէր կը կանգ­նինք այդ կար­գա­խօ­սը ի­րենց ա­րեամբ գրած մար­դոց ժա­ռան­գու­թեան, ա­պա պէտք է նաեւ անդ­րա­դառ­նանք հա­յե­րու՝ մար­տի դաշ­տին վրայ կռո­ւե­լու, աք­սո­րո­ւե­լու ու ­Ցե­ղաս­պա­նու­թեան զոհ դառ­նա­լու փաս­տին եւ այն ի­րո­ղու­թեան, որ Հ­րան­դի (­Տինք) նման մտա­ւո­րա­կա­նի մը սպա­նու­թիւ­նը կա­րե­լի դար­ձու­ցած է մե՛ր քա­ղա­քա­կա­նու­թիւ­նը»:

«­Լե­ւենթ ­Թու­զե­լի այս ար­տա­յայ­տու­թիւ­նը խա­թա­րած է խորհր­դա­րա­նին մէջ տի­րող յաղ­թա­կան մթնո­լոր­տը եւ ­Թու­զե­լի ե­լոյ­թը ծա­փա­հա­րե­լով ող­ջու­նած է միայն ա­նոր կու­սա­կից Իտ­րիս ­Պա­լու­քե­նը»,- գրած է «­Միլ­լի­յէթ»:

­Թու­զե­լէն ետք ե­լոյթ ու­նե­ցած շարք մը այլ պատ­գա­մա­ւոր­ներ, նե­րա­ռեալ՝ ընդ­դի­մա­դիր Ազ­գայ­նա­կան ­Շար­ժում կու­սակ­ցու­թեան (MHP) ե­րես­փո­խա­նա­կան խմբա­կի ղե­կա­վար Եու­սուֆ ­Հա­լա­ճօղ­լու եւ իշ­խող Ար­դա­րու­թիւն եւ ­Բար­գա­ւա­ճում կու­սակ­ցու­թեան (AKP) ներ­կա­յա­ցու­ցիչ ­Նա­ճի ­Պող­թան­ճը քննա­դա­տած են ­Թու­զե­լին՝ «ցե­ղաս­պա­նու­թիւն» բա­ռը օգ­տա­գոր­ծե­լուն եւ, ի­րենց բնո­րոշ­մամբ, «ռու­սե­րու հետ հա­մա­գոր­ծակ­ցե­լով ապս­տամ­բու­թիւն­ներ կազ­մա­կեր­պող» հա­յե­րու ի նպաստ խօ­սե­լուն հա­մար: