«Շփման գիծին վրայ իրավիճակը կը շարունակէ լարուած մնալ, սակայն Յունուարի վերջաւորութենէն ի վեր դրութիւնը կայունացած է: Մենք կողմերուն կոչ կ՛ընենք պահպանելու հրադադարը՝ յօգուտ խաղաղ բանակցութիւններու բարենպաստ հող ստեղծելու համար»,- ատրպէյճա նական «Էյ.Փի.Էյ.» լրատու գործակալութեան հետ զրոյցի մը ընթացքին յայտարարած է Ե.Ա.Հ.Կ. Մինսկի Խմբակի ամերիկացի համանախագահ Ճէյմզ Ուորլիք:
«Հանդիպումներու ժամանակ նախագահները հաստատած են հակամարտութեան խաղաղ կարգաւորման հետեւելու իրենց պատրաստակամութիւնը եւ յայտարարած են, թէ նկատի կ՛առնեն հրադադարը ամրապընդելու շուրջ առաջարկները: Մենք յոյս ունինք, որ կողմերը այդ եւ մնացեալ հարցերուն շուրջ համաձայնութեան կը հասնին»,-նշած է միջնորդ պաշտօնատարը:
Համանախագահը ընդգծած է նաեւ, որ բանակցային գործընթացին մէջ պէտք է նկատի առնուին Լեռնային Ղարաբաղի բնակչութեան շահերը: «Ճիշդ այդ պատճառով, համանախագահները կ’այցելեն Լեռնային Ղարաբաղ եւ կը հանդիպին փաստացի ղեկավարներու եւ համայնքի այլ անդամներու հետ»,- ըսած է Ուորլիք եւ աւելցուցած, թէ արտաքին գործոց նախարարներու մակարդակով հանդիպում կը ծրագրուի։ «Հակառակ անոր, որ մենք կ’ողջունենք նման հանդիպումները, այդ որոշումը պէտք է կայացնեն իրե՛նք՝ նախարարները»,- նշած է ան:
«2014ի Հոկտեմբերին կայացած փարիզեան հանդիպման ժամանակ, նախարարները յայտարարեցին, թէ այս տարի կ’ուզեն զարգացնել երկխօսութիւնը: Համանախագահներու տարածաշրջան կատարած վերջին այցելութեան ընթացքին, նախագահները պատրաստակամութիւն յայտնեցին այս տարի եւս հանդիպում կազմակերպելու: Մենք կը ջանանք կողմերուն միջեւ տարակարծութիւնները նուազեցնել եւ նախագահներու հերթական հանդիպման օրակարգը մշակել»,- եզրափակած է Ուորլիք: