2015 թուականի սկիզբէն մինչեւ հիմա Ատրպէյճանի բանակի կորուստները 12 զինուորներ են, որոնցմէ 8-ը զոհուած են մարտական գործողութիւններու հետեւանքով, 4-ը՝ այլ պատճառներով, որոնց կարգին՝ ոչ կանոնադրային յարաբերութիւններու, հիւանդութեան, զէնքի հետ անզգոյշ վարուելու պատճառներով: Այս տուեալները հրապարակած է Կասպեան ռազմական հետազօտութիւններու ինստիտուտը՝ նշելով, որ մարտական գործողութիւններու արդիւնքին համաձայն՝ զոհուած 8 զինուորներէն 7-ը սպաննուած է հայկական կողմի կրակոցներու, մէկը՝ ականի պայթիւնի հետեւանքով: Կը շեշտուի, որ նախորդ տարիներուն համեմատ դժուարացած է կորուստներու ուսումնասիրութիւնը, որովհետեւ Պաշտպանութեան նախարարութիւնը եւ ուժային կառոյցները կը փորձեն պահել կորուստները:
Կասպեան ռազմական հետազօտութիւններու ինստիտուտի ղեկավարը՝ ռազմական փորձագէտ Ջասուր Սումերենլին հեռացած է Ատրպէյճանէն, ինչպէս ինք ըսած է՝ իշխանութիւններու ճնշումներուն եւ հետապնդումներուն պատճառով:
Ատրպէյճանական բանակի մարդկային կորուստներէն զատ, Սումերենլին իր զեկոյցին մէջ կը նշէ նաեւ, որ մանաթի փոխարժէքի անկման պատճառով վատթարացած է զինուորներու ընկերային վիճակը: Ըստ իր խօսքերուն, առանց այդ տուեալին նոյնիսկ, զինուորներու աշխատավարձը փոքր էր՝ թիկունքի վրայ ծառայող աստիճանաւորներու աշխատավարձը 500 մանաթ է, իսկ ենթասպաները եւ սերժանտները աւելի քիչ գումար կը ստանան: Փորձագէտը կը նշէ, որ այդ գւմարները համարժէք չեն երկրի պիւտճէի ռազմական ծախսերուն, որոնք 4 միլիառ տոլար են։
Թուրքիա կը վերահսկէ Ատրպէյճանի զինուորական ուժերը
Ատրպէյճանի բանակին մէջ թուրք հրամանատարներու եւ յատուկ պատրաստուածութենէ անցած զինուորականներու առկայութեան մասին տեղեկութիւնները հետըզհետէ աւելի բացայայտ կը դառնան՝ չէզոքացնելով Ատրպէյճանի քարոզչամեքենային այն թէզը, որ իբր թէ հայկական պետութեանց դէմ ռազմական գործողութիւններուն մէջ թուրք զինուորականները որեւէ դերակատարութիւն չունին:
«Times.am»ին յայտնի դարձած են նոր տեղեկութիւններ, որոնց համաձայն՝ թրքական բանակէն շուրջ 50 հրամանատարներ՝ զօր. Նեւզատ Թաշտելերի հրամանատարութեամբ, այս օրերուն կը գործեն Ատրպէյճանի մէջ: