Յու­լիս 7ին նա­խա­տե­սո­ւած Թուր­քիոյ խորհր­դա­րա­նա­կան ընտ­րու­թիւն­նե­րուն կը մաս­նակ­ցին նաեւ հա­յեր: Ըստ «Ար­ցախ-փրես»ի, որ կը վկա­յա­կո­չէ «Ա­կօս» պար­բե­րա­կա­նը` ար­դէն ա­ւար­տած է իշ­խող «Ար­դա­րու­թիւն եւ Զար­գա­ցում», ընդ­դի­մա­դիր Ժո­ղովր­դա­յինՀան­րա­պե­տա­կան եւ Ժո­ղո­վուրդ­նե­րու Դե­մոկ­րա­տա­կան կու­սակ­ցու­թիւն­նե­րէն պատ­գա­մա­ւո­րի թեկ­նա­ծու­թեան դի­մում­ներ ներ­կա­յաց­նե­լու ժամ­կէ­տը: Հա­յե­րը հիմ­նա­կա­նօրէն ի­րենց թեկ­նա­ծու­թիւ­նը ա­ռա­ջադ­րած են քրտա­կան Ժո­ղո­վուրդ­նե­րու Դե­մոկ­րա­տա­կան Կու­սակ­ցու­թե­նէն: Ա­մե­նայն հա­ւա­նա­կա­նու­թեամբ, սոյն կու­սակ­ցու­թեան պատ­գա­մա­ւոր դառ­նայ Ե­շիլ­քո­յի հայ­կա­կան դպրո­ցի հի­մա­դիր-ներ­կա­յա­ցու­ցիչ Կա­րօ Փո­լա­տեան: Պատ­գա­մա­ւո­րի թեկ­նա­ծու­նե­րէն են նաեւ Մու­շի Հայ­կա­կան Միու­թեան փոխ-նա­խա­գահ Նո­ւարդ Պա­քըր­ջըօղ­լու եւ օ­ճա­ռա­գործ Զե­քե­րիա Սա­պուն­ջու: Ժո­ղովր­դա­յինՀան­րա­պե­տա­կան կու­սակ­ցու­թեան կող­մէ իր թեկ­նա­ծու­թիւ­նը ա­ռա­ջադ­րած է Սուրբ Յա­կոբ ե­կե­ղեց­ւոյ հա­սա­րա­կայ­նու­թեան հետ կա­պե­րու բաժ­նի ղե­կա­վար եւ հայ կա­թո­լիկ հա­մայն­քի հո­գե­ւոր ա­ռաջ­նորդ Լե­ւոն Զե­քիեա­նի հա­սա­րա­կայ­նու­թեան հետ կա­պե­րու պա­տաս­խա­նա­տու Թա­լին Էր­կիւ­նեշ, որ ընտ­րո­ւե­լու պա­րա­գա­յին պի­տի դառ­նայ Թուր­քիոյ խորհր­դա­րա­նի ա­ռա­ջին հայ կին պատ­գա­մա­ւո­րը: Էր­տո­ղա­նի «Ար­դա­րու­թիւն եւ Զար­գա­ցում» կու­սակ­ցու­թե­նէն եր­կու հա­յու թեկ­նա­ծու­թիւն ա­ռա­ջադ­րո­ւած է.- լրագ­րող Մար­գար Ե­սա­յեան եւ Ս. Փր­կիչ հի­ւան­դա­նո­ցի նա­խա­գա­հի օգ­նա­կան Հեր­ման Պա­լի­յեան: Ն­շենք, որ պատ­գա­մա­ւո­րի թեկ­նա­ծու­թեան դի­մում­նե­րը ա­մե­նա­շա­տը ներ­կա­յա­ցո­ւած են Էր­տո­ղա­նի կու­սակ­ցու­թե­նէն` 6223 մարդ: