­Թուր­քիոյ Պատ­մու­թեան կա­ճա­ռի նա­խա­գահ ընտ­րո­ւե­ցաւ «­Կա­զի» հա­մալ­սա­րա­նի դա­սա­խօս­նե­րէն՝ փրոֆ. Ռե­ֆիք Թու­րան, ո­րուն ա­ռա­ջին գոր­ծը ե­ղաւ բա­ցատ­րել, թէ Ապ­րիլ 24ի նա­խօ­րեա­կին ինչ­պի­սի՛ աշ­խա­տանք յա­ռաջ

պի­տի տա­րո­ւի Հայ­կա­կան Հար­ցին առն­չու­թեամբ։ Թու­րան, «­Հա­պեր­թիւրք»ի հետ կա­տա­րո­ւած հար­ցազ­րոյ­ցի մը ըն­թաց­քին պնդեց, որ սխալ է Հայ­կա­կան Հար­ցը դի­տել իբ­րեւ Թուր­քիոյ ու Հա­յաս­տա­նի մի­ջեւ խնդիր։ «­Թէեւ այդ­պէս կը տես­նո­ւի, բայց ի­րա­կա­նու­թեան մէջ այս խնդի­րին ե­տին կանգ­նած են մեծ պե­տու­թիւն­ներ, ո­րոնք Թուր­քիոյ հետ հա­շիւ մաք­րել կը ցան­կան», ը­սաւ Թու­րան։ Թու­րան նաեւ ա­ւել­ցուց, որ «հայ­կա­կան տե­սա­կէտ­ներ»ուն մա­սին ու­նին կար­ճա­ժամ­կէտ, միջ­նա­ժամ­կէտ կամ եր­կա­րա­ժամ­կէտ ծրա­գիր­ներ։ Ա­ռա­ջի­նին մէջ կ­՛իյ­նայ ան­մի­ջա­պէս գիր­քի մը հրա­տա­րա­կու­թիւ­նը։ Այ­նու­հե­տեւ, պի­տի պատ­րաս­տո­ւի «փաս­տագ­րա­կան» ժա­պա­ւէն մը, որ գո­հա­ցում պի­տի պատ­ճա­ռէ թէ՛ կող­մե­րուն, թէ՛ կող­մե­րէն դուրս մնա­ցած եր­կիր­նե­րուն։ Կա­ճա­ռի նա­խա­գա­հը ա­ւել­ցուց, որ եր­կա­րա­ժամ­կէտ ծրա­գի­րին գծով, հար­ցը ձեռք պի­տի առ­նո­ւի իբ­րեւ քա­ղա­քա­կան, ի­րա­ւա­կան ու գի­տա­կան խնդիր, եւ զայն պի­տի բաժ­նեն աշ­խար­հի միւս պե­տու­թիւն­նե­րուն հետ։