Թուրքիոյ մէջ Չանաքքալէի (Տարտանել, Կալիփոլի) յաղթանակի հարիւրամեակի առթիւ ակնկալուող լայնատարած ձեռնարկները յայտնուած են փակուղիի մէջ: Ըստ թրքական ընդդիմադիր «Զաման» պարբերականի կայքը նկատել տուած է, որ մինչեւ յաղթանակի օրը երկու շաբաթ մնացած է, իսկ թերակղզիին մէջ յիշատակման ձեռնարկներու կամ որեւէ նախագիծի հետք նոյնիսկ չ՛երեւիր:
«Չանաքքալէի յաղթանակի 100-ամեակի առթիւ մեծ տօնակատարութիւններու սպասելիքները հիասթափութեան վերածուած են: Չանաքքալէի քաղաքապետ Ուլկիւր Կէոքհանը տեղեկացուցած է, որ 100-ամեակի ձեռնարկներու նախապատրաստութիւնները լաւ չեն ընթանար: Ըստ քաղաքապետին` ստեղծուած է տարածքային յանձնաժողով, բայց ոչ համապատասխան պիւտճէ կայ, ոչ ալ անձնակազմ: Քաղաքապետարանը կը փորձէ իր հնարաւորութիւններու սահմաններուն մէջ 100-ամեակին նուիրուած ձեռնարկներ կազմակերպել, բայց անոնք բաւարար չեն»: Նոյն աղբիւրին համաձայն` Կալիփոլիի 100-ամեակի տօնակատարութիւններու մասին դեռ չորս-հինգ տարի առաջ ամպագորգոռ յայտարարութիւններ կ՛ըլլային, «Չանաքքալէ 2015 գործակալութիւն» հիմնադրելու մասին կը խօսուէր, իսկ երեք տարի առաջ Չանաքքալէի նահանգապետարանի կողմէ հիմնուած էր «2015-ի համակարգող կեդրոնը», սակայն «այդ կառոյցը կը փորձէ գիտաժողովներու, պոէզիայի ընթերցումներու, յուշարձաններու մօտ կազմակերպուող փոքրիկ արարողութիւններու միջոցով ծածկել չիրականացուող նախագիծերու բացթողումները»: