Հա­յոց ­Ցե­ղաս­պա­նու­թեան 100ա­մեա­կին նո­ւի­րո­ւած նա­խա­ձեռ­նու­թիւն­նե­րը հա­մա­կար­գող պե­տա­կան յանձ­նա­ժո­ղո­վի ո­րոշ­մամբ ստեղ­ծո­ւած armeniangenocide100.org կայ­քը ար­գի­լո­ւած է ­Թուր­քիոյ մէջ:

Այս օ­րե­րուն ­Թուր­քիա գտնո­ւող տե­ղե­կա­տո­ւա­կան ար­հես­տա­գի­տու­թեան անվ­տան­գու­թեան ո­լոր­տի մաս­նա­ գէտ ­Սա­մո­ւէլ ­Մար­տի­րո­սեան եւս հաս­տա­տած է ­Թուր­քիոյ մէջ կայ­քին ար­գի­լո­ւած ըլ­լա­լը։ ­Մաս­նա­գէ­տը փոր­ձած է այն­տե­ղէն մտնել կայք, սա­կայն ա­պար­դիւն: Ա­ւե­լի՛ն, ­Մար­տի­րո­սեան տե­ղե­կա­ցու­ցած է, որ ­Թուր­քիոյ մէջ ար­գիլուած է նաեւ իր անձ­նա­կան պլո­կի հա­սա­նե­լիու­թիւ­նը:

­Յատ­կան­շա­կան է, որ ­Հա­յոց ­Ցե­ղաս­պա­նու­թեան 100ա­մեա­կի շե­մին ­Թուր­քիան կեղծ քա­րոզ­չա­կան թե­զե­րով փորձ կ­՛ը­նէ մի­ջազ­գա­յին հան­րու­թիւ­նը մո­լո­րելց­նե­լու՝ խօ­սե­լով «ընդ­հա­նուր ցա­ւի եւ 1915 թո­ւա­կա­նի ի­րա­դար­ձու­թիւն­նե­րու քննար­կամ հա­մար բաց ըլ­լա­լու» մա­սին, իսկ սե­փա­կան իր քա­ղա­քա­ցի­ներն ու ­Թուր­քիոյ տա­րած­քին գտնո­ւող­նե­րը կը զրկէ ­Հա­յոց ­Ցե­ղաս­պա­նու­թեան վե­րա­բե­րեալ այ­լընտ­րան­քա­յին, փաս­տար­կո­ւած տե­ղե­կատուութիւն ստա­նա­լու կա­րե­լիու­թե­նէն: Թր­քա­կան իշ­խա­նու­թիւն­նե­րու այս քայ­լը ո­չինչ է, ե­թէ ոչ խօս­քի ա­զա­տու­թեան եւ տե­ղե­կա­տո­ւու­թեան ա­զատ ստաց­ման հիմ­նա­րար ի­րա­ւունք­նե­րու կոպ­տա­գոյն խախ­տում: ­Թուր­քիա ո՛չ միայն կը շա­րու­նա­կէ ­Ցե­ղաս­պա­նու­թեան ժխտման քա­ղա­քա­կա­նու­թիւ­նը, այլ նաեւ հա­ւա­տա­րիմ կը մնայ խօս­քի եւ մա­մու­լի ա­զա­տու­թեան սահ­մա­նա­փակ­ման իր ա­ւան­դա­կան դար­ձած գոր­ծե­լաո­ճին, ո­րուն մա­սին բա­զում ան­գամ­ներ խօ­սո­ւած է մա­մու­լի ա­զա­տու­թեան վե­րա­բե­րեալ մի­ջազ­գա­յին զե­կոյց­նե­րուն եւ գնա­հա­տա­կան­նե­րուն մէջ: armeniangenocide100.orgը ­Հա­յոց ­Ցե­ղաս­պա­նու­թեան 100ա­մեա­կի նա­խա­ձեռ­նու­թիւն­նե­րու պաշ­տօ­նա­կան կայքն է, ա­նի­կա հա­սա­նե­լի է ե­րեք լե­զու­նե­րով՝ հա­յե­րէն, ռու­սե­րէն, անգ­լե­րէն եւ բաղ­կա­ցած է տար­բեր բա­ժին­նե­րէ։