­Թուր­քիոյ մէջ տե­ղի ու­նե­ցած են այս­պէս կո­չո­ւած «­Խո­ջա­լո­ւի ցե­ղաս­պա­նու­թեան» նո­ւի­րո­ւած ձեռ­նարկ­ներ, ո­րոնց ծի­րէն ներս երկ­րի տար­բեր վայ­րե­րուն մէջ խիստ հա­կա­հայ­կա­կան, խտրա­կան եւ ա­տե­լու­թիւն սեր­մա­նող պաս­տառ­ներ

տա­րա­ծո­ւած են: Այս մա­սին կը հա­ղոր­դէ Tert.amը:

 

­Թուրք ե­րի­տա­սարդ­նե­րու խումբ մը վան­կար­կած են Հ­րանդ ­Տին­քը սպան­նած Օ­կիւն ­Սա­մաս­թը գո­վա­բա­նող կար­գա­խօս­ներ: Ա­ւե­լի ուշ, երկ­րի տար­բեր քա­ղաք­նե­րուն մէջ, պաս­տառ­ներ տե­ղադ­րած են: Պաս­տառ­նե­րուն վրայ գրո­ւած է.- «­Կը շնոր­հա­ւո­րենք մեր եր­կի­րը հա­յե­րէն մաք­րե­լու 100ա­մեա­կը. ­Կը հպար­տա­նանք մեր փա­ռա­պանծ նախ­նի­նե­րով»:

Ն­կար­նե­րը տե­ղադ­րո­ւած են նաեւ հա­մա­ցան­ցի վրայ:

­Հա­մա­ցան­ցի շատ օգ­տա­տէ­րեր, սա­կայն, տե­ղի ու­նե­ցա­ծը որ­պէս 1915ին տե­ղի ու­նե­ցած ­Ցե­ղաս­պա­նու­թեան հաս­տա­տում ու խոս­տո­վա­նու­թիւն ո­րա­կած են: