­Սի­սի հա­յոց կա­թո­ղի­կո­սա­րա­նի վե­րա­դար­ձը պա­հան­ջե­լու և ­Թուր­քիոյ ­Սահ­մա­նադ­րա­կան ­Դա­տա­րան դի­մե­լու մտադ­րու­թեան մա­սին ­Մե­ծի ­Տանն ­Կի­լի­կիոյ Ա­րամ Ա՝ կա­թո­ղի­կո­սը յայ­տա­րա­րած էր «­Հա­յաս­տան-Ս­փիւռք» հա­մա­հայ­կա­կան 5-րդ ­հա­մա­ժո­ղո­վի բաց­ման ժա­մա­նակ: ­Հե­տա­գա­յին նաեւ նոյն­պէս՝ «Ա­զատ Օր»ին շնոր­հած իր հար­ցազ­րոյ­ցին մէջ, յայտ­նե­լով թէ «Ե­թէ դա­տը շա­հինք, պա­տի­ւը եւ յաղ­թա­նա­կը պի­տի եր­թայ մեր ժո­ղո­վուր­դին, մեր հայ­րե­նի­քին եւ ե­կե­ղեց­ւոյ: Իսկ ե­թէ պար­տո­ւինք, դար­ձեալ յաղ­թա­նա­կած կ’ըլ­լանք, ո­րով­հե­տեւ ցե­ղաս­պա­նին ու մի­ջազ­գա­յին հան­րու­թեան գործ­նա­կա­նօ­րէն յի­շե­ցու­ցած պի­տի ըլ­լանք, որ հայ ժո­ղո­վուր­դը պա­հան­ջա­տէր է իր ի­րա­ւունք­նե­րուն հան­դէպ` ան­կախ թէ քա­նի տա­րի ան­ցած է ­Հա­յոց ­Ցե­ղաս­պա­նու­թե­նէն»։ Հա­յոց կա­թո­ղի­կո­սու­թեան նստա­վայ­րը 1293–1441-ին ե­ղած է ­Կի­լի­կեան ­Հա­յաս­տա­նի ­Սիս մայ­րա­քա­ղա­քին մէջ: 1292-ին, երբ Ե­գիպ­տո­սի մամ­լուք­նե­րը գրա­ւե­ցին Հ­ռոմկ­լան, թա­լա­նե­ցին ու ա­ւե­րե­ցին Հ­ռոմկ­լա­յի կա­թո­ղի­կո­սա­րա­նը, գե­րե­վա­րե­լով ­Հա­յոց կա­թո­ղի­կոս Ս­տե­փա­նոս Դ Հ­ռոմկ­լա­յե­ցին եւ փո­խադ­րե­լով ­Գա­հի­րէ։ Գ­րի­գոր Է Ա­նա­վար­զե­ցին ­Հա­յոց կա­թո­ղի­կո­սա­կան ընդ­հան­րա­կան ա­թո­ռը տե­ղա­փո­խեց ­Սիս եւ կա­թո­ղի­կո­սա­նիստ դար­ձուց քա­ղա­քի հիւ­սի­սա­յին ծայ­րա­մա­սը գտնո­ւող նախ­կին ե­պիս­կո­պո­սա­նիստ ­Սուրբ Գ­րի­գոր ­Լու­սա­ւո­րիչ ե­ռա­խո­րան ե­կե­ղե­ցին: ­Կի­լի­կիա­յի ­Հայ­կա­կան թա­գա­ւո­րու­թեան ան­կու­մէն(1375) յե­տոյ 1441-ին Էջ­միած­նի ազ­գա­յին-ե­կե­ղե­ցա­կան ժո­ղո­վի ո­րոշ­մամբ՝ ­Կի­լի­կիա մե­կու­սա­ցած եւ հայ ժո­ղո­վուր­դին հա­մար քա­ղա­քա­կան ու հո­գե­ւոր-կրօ­նա­կան եր­բեմ­նի կեդ­րո­նի նշա­նա­կու­թիւ­նը կորսն­ցու­ցած, տնտե­սա­պէս քայ­քա­յո­ւած ­Մայր ա­թո­ռը ­Սի­սէն տե­ղա­փո­խո­ւե­ցաւ բուն ­Հա­յաս­տան եւ վե­րա­հաս­տա­տո­ւե­ցաւ իր նախ­նա­կան վայ­րը՝ ­Վա­ղար­շա­պատ: