«Ցե­ղաս­պա­նու­թիւ­նը քննար­կե­լու հա­մար պե­տա­կան յանձ­նա­ժո­ղով­նե­րու կա­րի­քը չու­նինք»

Նա­խա­գահ Էր­տո­ղան թրքա­կան TRT պատ­կե­րաս­փիւ­ռի կա­յա­նէն ուղ­ղա­կի սփռո­ւած հար­ցազ­րոյ­ցի մը ըն­թաց­ քին անդ­րա­դար­ձաւ ­Հա­յոց ­Ցե­ղաս­պա­նու­թեան եւ շեշ­տեց քննա­կան երկ­խօ­սու­թեան կա­րի­քը։ Էր­տո­ղա­նի խօս­քե­րը կտրուկ կեր­պով պի­տի չմեր­ժեմ։ Իր ը­սա­ծին մէջ ա­ռատ հռե­տո­րա­բա­նու­թիւն կայ, սա­կայն կա­րե­լի է ար­դիւ­նա­ւէտ կեր­պով ա­նոր հա­կա­դար­ձել։ 2007-ին փոր­ձե­ցի թուրք պաշ­տօ­նա­կից­նե­րու հետ քննա­կան երկ­խօ­սու­թեան ա­ռիթ մը ստեղ­ծել։ ­Թուրք լրագ­րող­նե­րու ճամ­բով ա­ռա­ջար­կե­ցի ու­սում­նա­սի­րել 1915-ին, ­Խար­բեր­դի եւ ա­նոր դաշ­տի հա­յե­րու նկատ­մամբ թրքա­կան կող­մի­-վե­րա­բե­րու­մի հար­ցը։ Ն­կա­տի ու­նե­նա­լով, որ ­Խար­բեր­դի շրջա­նի հա­յե­րը տե­ղա­հա­նո­ւե­ցան ա­ռանց պա­տե­րազ­մի գօ­տի­նե­րէ անց­նե­լու, եւ նկա­տի ու­նե­նա­լով, որ տե­ղա­հան­ման օ­րէնք­նե­րը կը ճշդէին, թէ տե­ղա­հա­նո­ւած­նե­րուն ա­նուն­նե­րը ինչ­պէս պէտք է ի­րենց տե­ղա­հան­ման եւ վե­րաբ­նա­կեց­ման ժա­մա­նակ ար­ձա­նագ­րո­ւէին, պա­հաջ­նե­ցի տես­նել Օս­մա­նեան ար­խիւ­նե­րուն մէջ ­Խար­բե­դի վե­րա­բե­րող ար­ձա­նագ­րու­թիւն­նե­րը։ ­Նաեւ ա­ռա­ջար­կե­ցի ներ­կա­յաց­նել անձ­նա­կան աղ­բիւր­ներս, ո­րոնք, ըստ ին­ծի, ցոյց կու տան, թէ խնդրոյ ա­ռար­կայ ան­ձե­րը սպան­նուած են։ ­Մինչ ա­ռա­ջարկս ուղ­ղո­ւած էր ո­րե­ւէ պատ­մա­բա­նի, ո­րուն հա­սա­նե­լի են օս­մա­նեան ար­ձա­նագ­րու­թիւն­նե­րը՝ Թր­քա­կան պատ­մա­կան ըն­կե­րու­թեան ղե­կա­վար Եու­սուֆ ­Հա­լա­ճօղ­լուն ար­ձա­գան­գեց։ ­Կը կար­ծեմ, որ ­Հա­լա­ճօղ­լուն հա­մա­ձայն գտնո­ւե­ցաւ այս­պի­սի բա­նա­վէ­ճի մը մէջ մտնե­լու, ո­րով­հե­տեւ թուրք լրագ­րող­նե­րը իր­մէ այդ մէ­կը պա­հան­ջե­ցին։ ­Մեր մի­ջեւ նա­խա­տեսուած հան­դի­պու­մը մա­մու­լի ու­շադ­րու­թեան ար­ժա­նա­ցաւ։ ­Բայ­ցեւայն­պէս, ­Հա­լա­ճօղ­լուն հրա­ժա­րե­ցաւ հա­մա­ձայ­նե­ցո­ւած ծրա­գի­րէն։ Ան CNN Turk-ի մէկ յայ­տագ­րէն յայ­տա­րա­րեց, որ իմ խնդրած տե­ղա­հա­նու­թեան ար­ձա­նագ­րու­թիւն­ները գո­յու­թիւն չու­նին։ Ըստ «­Հա­յոց Ցե­ղաս­պա­նու­թեան վե­րա­բե­րեալ ­Թա­լէաթ փա­շա­յի զե­կու­ցու­մը» գրքին, ­Թա­լէա­թին մօտ գտնուող ձե­ռա­գիր զե­կու­ցում մը կը նշէր, որ 1914-ին, ­Խար­բեր­դի 70.000 հա­յե­րէն (Օս­մա­նեան պաշ­տօ­նա­կան թի­ւեր), ե­րեք տա­րի ետք՝ միայն շուրջ 2000-ը տե­ղա­հան­ման շրջան­նե­րուն մէջ կը գտնո­ւէին։ Այս վի­ճա­կագ­րու­թիւն­նե­րը հիմ­նո­ւած էին 1917-ին հա­յե­րու շուրջ կա­տա­րո­ւած օս­մա­նեան վի­ճա­կագ­րու­թեան մը վրայ։ Իսկ տա­րագ­րեալ­նե­րու վախ­ճա­նա­վայր ­Տէր ­Զօ­րի մէջ ար­դէն ոչ մէկ հայ մնա­ցած էր։ ­Պէտք է նշեմ, որ, երբ ­Խար­բեր­դի շուրջ ու­սում­նա­սի­րու­թիւն մը ա­ռա­ջար­կե­ցի, ին­ծի օգ­նե­ցին թրքա­կան մա­մու­լի շարք մը աշ­խա­տա­կից­ներ, ո­րոնք այդ ա­ռա­ջար­կին վրայ հա­սա­րա­կու­թեան ու­շադ­րու­թիւ­նը հրա­ւի­րե­ցին։ Զ­գա­ցո­ւած էի, երբ հան­գու­ցեալ թուրք լրագ­րող ­Մեհ­մեթ Ա­լի ­Պի­րան­տը յու­սա­խա­բու­թիւն յայտ­նեց, որ ­Հա­լա­ճօղ­լու հրա­ժա­րե­ցաւ։ Իր օ­րա­թեր­թին խո­րա­գիրն էր.«Էր­մէ­նի­լէր­տէն կոլ եի­տիք» (հա­յե­րէն կոլ կրեցինք)։ ­Հեգ­նա­կա­նօ­րէն, յու­սա­խա­բու­թիւնս հայ­կա­կան կող­մէն էր, որ ա­ռա­ջար­կո­ւած ու­սում­նա­սի­րու­թեան նկատ­մամբ մաս­նա­ւոր հա­կազ­դե­ցու­թիւն մը չցու­ցա­բե­րեց։ Կ­՚են­թադ­րեմ, որ ա­տոր պատ­ճա­ռը այն էր, որ ­Հա­յաս­տա­նի կա­ռա­վա­րու­թեան, քա­ղա­քա­կան կու­սակ­ցու­թեանց, քա­րոզ­չա­կան կազ­մա­կեր­պու­թեանց առըն­չո­ւած չէի։ ­Նա­խա­գահ Էր­տո­ղա­նի վեր­ջին խօս­քե­րը դար­ձեալ նոյն հար­ցը կ­՚ար­ծար­ծեն, եւ ան­գամ մը եւս կը կրկնեմ, որ ­Հա­յոց Ցե­ղաս­պա­նու­թիւ­նը քննար­կե­լու հա­մար պե­տա­կան յանձ­նա­ժո­ղով­նե­րու կա­րի­քը չու­նինք։ ­Միայն պէտք է, որ թրքա­կան կա­ռա­վա­րու­թիւ­նը, ո­րուն վե­րահս­կո­ղու­թեան տակ կը գտնո­ւի կեն­սա­կան փաս­տը, հրա­պա­րակ բե­րէ տե­ղա­հան­ման եւ վե­րաբ­նա­կեց­ման ար­ձա­նագրու­թիւն­նե­րը, ո­րոնք, ըստ տե­ղա­հա­նու­թեան հրա­մա­նա­գիր­նեուն, պէտք էր խնդրոյ ա­ռար­կայ ժա­մա­նա­կաշր­ջա­նի ըն­թաց­քին պահ դրո­ւէին տե­ղա­կան եւ կեդ­րո­նա­կան ար­խիւ­նե­րու մէջ։ ­Մինչ այդ՝ պատ­մա­բան­ներ պի­տի շա­րու­նա­կեն ­Թուր­քիա­յէն դուրս գտնո­ւող կա­րե­ւոր ար­ձա­նագ­րու­թիւն­նե­րը օգ­տա­գոր­ծել 1915-ի դէպ­քե­րուն մեկ­նա­բան­ման հա­մար։