Ինչ­պէս հա­ղոր­դած էինք, ­Հա­յաս­տա­նի նա­խա­գահ ­Սերժ ­Սարգ­սեան, ­Ցե­ղաս­պա­նու­թեան հա­րիւ­րա­մեա­կի մի­ջո­ցա­ռում­նե­րը հա­մա­կար­գող պե­տա­կան յանձ­նա­ժո­ղո­վի նիս­տին ըն­թաց­քին անդ­րա­դար­ձած էր նաեւ ­Թուր­քիոյ նա­խա­գահ Էր­տո­ղա­նի կող­մէ 24 Ապ­րի­լին ­Կա­լի­փո­լիի (­Չա­նա­քա­լէ) մէջ մէկ­տե­ղ­ւե­լու հրա­ւէ­րին ու ծանր դա­տա­պար­տու­թեան են­թար­կած էր այդ հրա­ւէ­րը՝ յայտ­նե­լով, որ այս­պի­սի հրա­ւէր մը ան­պար­կեշտ ու թե­րի քայլ մը կը նկա­տէ։
­Թուր­քիոյ նա­խա­գա­հի բան­բեր Իպ­րա­հիմ ­Գա­լըն պա­տաս­խա­նեց նա­խա­գահ ­Սարգ­սեա­նի վե­րոն­շեալ ար­տա­յայ­տու­թեան եւ ը­սաւ, որ այդ ար­տա­յայ­տու­թիւ­նը դի­ւա­նա­գի­տա­կան ըն­կա­լեալ լե­զո­ւի յար­մար չէ եւ «ա­նըն­դու­նե­լի» է։
«­Մենք նոյ­նու­թեամբ ի­րեն կը վե­րա­դարձ­նենք ­Սարգ­սեա­նի այն խօս­քե­րը, ո­րոնք պե­տու­թեան նա­խա­գա­հի մը բե­րա­նին վա­յել չեն», ը­սաւ ան՝ ա­ւելց­նե­լով. «­Ծա­նօթ է, որ ­Հա­յաս­տա­նի իշ­խա­նու­թիւն­նե­րը կը ջա­նան 2015ը ­Թուր­քիոյ ու թուր­քե­րուն դէմ մի­ջազ­գա­յին ար­շա­ւի մը վե­րա­ծել, եւ կը գոր­ծա­ծեն այն­պի­սի նա­խա­դա­սու­թիւն­ներ, ո­րոնք ա­տե­լու­թիւն ու նա­խա­տինք կը բո­վան­դա­կեն ու ան­յա­րիր են դի­ւա­նա­գի­տա­կան սո­վո­րու­թիւն­նե­րուն։ ­Սարգ­սեա­նի լու­սա­բա­նու­թիւնն ալ այս ցա­ւա­լի վե­րա­բե­րու­մին մէկ օ­րի­նակն է։ ­Հա­յաս­տա­նը, ո՛չ կը մօ­տե­նայ 1915ի պա­տա­հար­նե­րը պատ­մու­թեան ճիշդ պա­տու­հա­նէն ձեռք առ­նե­լու ընտ­րան­քին՝ քա­ղա­քա­կան հա­շիւ­նե­րէ ան­ջա­տե­լով զա­նոնք, ոչ ալ կը փոր­ձէ ­Ղա­րա­բա­ղի բռնագ­րաւ­ման վերջ տա­լով՝ ­Թուր­քիոյ ու Ատր­պէյ­ճա­նի հետ բնա­կա­նոն յա­րա­բե­րու­թիւն­ներ հիմ­նել։ Այս վե­րա­բե­րու­մը ա­մէ­նէն ա­ռաջ ­Հա­յաս­տա­նին ու հայ ժո­ղո­վուր­դին վնաս կը պատ­ճա­ռէ։ ­Բայց թուրք-հայ վա­ղե­մի բա­րե­կա­մու­թիւ­նը պի­տի շա­րու­նա­կո­ւի ի հե­ճուկս այս ար­մա­տա­կան խմբակ­նե­րու գրգռու­թիւն­նե­րուն։ Ի­րա­տե­սու­թիւն չէ սպա­սել, որ մեր այս ան­կեղծ մեր­ձե­ցում­նե­րը ըն­դու­նո­ւին ­Սարգ­սեա­նի ու իր գոր­ծա­կից­նե­րուն կող­մէ, ո­րոնք ի­րենք զի­րենք չեն կրցած փրկել պատ­մու­թեան է­ջե­րէն։ ­Հա­յաս­տա­նի իշ­խա­նու­թիւն­նե­րու ա­տե­լա­վառ խօ­սակ­ցու­թիւն­նե­րը ցոյց կու տան, որ ա­նոնք կա­րող չեն նաեւ հասկ­նա­լու ­Չա­նա­քա­լէի պա­տե­րազ­մի նշա­նա­կու­թիւ­նը»։

Բան­բե­րը սա­կայն բնաւ չանդ­րա­դար­ձաւ այն հար­ցին, թէ որ­քա՞ն ճիշդ էր 24 Ապ­րի­լի ա­ռի­թով նմա­նօ­րի­նակ հրա­ւէր մը ուղ­ղել ­Հա­յաս­տա­նի նա­խա­գա­հին։

Գա­լը­նի յայ­տա­րա­րու­թե­նէն ետք, ­Թուր­քիոյ ար­տա­քին գոր­ծոց նա­խա­րա­րու­թիւնն ալ հա­ղոր­դագ­րու­թիւն մը հրա­պա­րա­կեց ­Սերժ ­Սարգ­սեա­նի յայ­տա­րա­րու­թեան առն­չու­թեամբ՝ պահ­պա­նե­լով նոյն շեշ­տադ­րում­նե­րը։ ­Նա­խա­րա­րու­թիւ­նը յայ­տա­րա­րեց, որ ­Հա­յաս­տան ու­ղար­կո­ւած հրա­ւէ­րին պատ­ճա­ռը այդ մար­տե­րուն ըն­թաց­քին կռո­ւած ու զո­հ­ւած հայ մար­տիկ­ներն են՝ ա­ւելց­նե­լով. «Այս շրջագ­ծով՝ ­Թուր­քիան, հասկ­նա­լով ու չժխտե­լով հա­յե­րու ցա­ւե­րը՝ ան­կեղ­ծօ­րէն կը բաժ­նէ զա­նոնք։ Որ­պէս օ­րի­նակ, այդ մարդ­կա­յին կե­ցո­ւած­քը բա­ցէ ի բաց ամ­բողջ աշ­խար­հին ի ցոյց դըր­ւե­ցաւ 23 Ապ­րիլ 2014ին, «ցա­ւակ­ցա­կան ու­ղերձ»ի մի­ջո­ցաւ, եւ յի­շե­ցո­ւե­ցաւ, թէ ինչ­պէ՛ս պէտք է ըլ­լան եր­կու հնա­գոյն ժո­ղո­վուրդ­նե­րու բա­րե­կա­մու­թիւնն ու խա­ղա­ղու­թիւ­նը։ ­Մեր թան­կա­գին ա­նա­տո­լիա­ցի մտա­ւո­րա­կան Հ­րանդ ­Տին­քի մա­հո­ւան 8րդ ­տա­րե­լի­ցին շրջագ­ծով, 20 ­Յու­նո­ւար 2015ին յայ­տա­րա­րու­թիւն մը կա­տա­րո­ւե­ցաւ. այդ ալ թրքա­կան իշ­խա­նու­թիւն­նե­րու շի­նիչ դիր­քո­րոշ­ման մէկ այլ ա­պա­ցոյցն էր։ Ն­մա­նօ­րի­նակ պայ­ման­նե­րու մէջ, մեծ վիշ­տով տե­սանք, թէ ինչ­պէ՛ս ­Հա­յաս­տա­նի նա­խա­գա­հը 29 ­Յու­նո­ւա­րին, Ե­րե­ւա­նի մէջ իր ը­րած յայ­տա­րա­րու­թեամբ, հեր­թա­կան ան­գամ ան­տե­սե­լով ­Թուր­քիոյ մարդ­կա­յին, պարզ, ի­րա­տե­սա­կան քայ­լե­րը եւ հայ­կա­կան կող­մին ուղ­ղեալ ձեռ­քը՝ ան­յա­րիր կեր­պով վե­րա­դար­ձուց հրա­ւէ­րը։ Խս­տօ­րէն կը դա­տա­պար­տենք հա­րե­ւան եր­կի­րի նա­խա­գա­հը»։ Յայ­տա­րա­րու­թեան մէջ ող­ջա­միտ ըլ­լա­լու կոչ կ­՛ուղ­ղո­ւի ­Հա­յաս­տա­նի ղե­կա­վա­րու­թեան ու կա­րե­ւոր կը նկա­տո­ւի եր­կու ժո­ղո­վուրդ­նե­րուն մի­ջեւ երկ­խօ­սու­թեան շա­րու­նա­կա­կա­նու­թիւ­նը։

ՀԱՅԿԱԿԱՆ ՀԱԿԱԴԱՐՁՈՒԹԻՒՆ

­

Թուր­քիոյ ­Նա­խա­գա­հա­կան պա­լա­տի եւ ար­տա­քին գոր­ծոց նա­խա­րա­րու­թեան յայ­տա­րա­րու­թիւն­նե­րուն որ­պէս պա­տաս­խան, քննա­դա­տա­կան խիստ տո­ղե­րով կո­չեր հրա­պա­րա­կո­ւե­ցան ­Հա­յաս­տա­նի ար­տա­քին գոր­ծոց նա­խա­րա­րու­թե­նէն ու նա­խա­գա­հա­կան պա­լա­տի աշ­խա­տա­կազ­մի ղե­կա­վա­րէն։ Ար­դա­րեւ, ար­տա­քին գոր­ծոց նա­խա­րա­րու­թեան բան­բեր ­Տիգ­րան ­Բա­լա­յեան, «­Թո­ւի­թըր»ի իր է­ջին վրայ ծանր քննա­դա­տու­թիւն հնչե­ցուց ­Թուր­քիոյ ղե­կա­վար շրջա­նակ­նե­րէն հրա­պա­րա­կո­ւած յայ­տա­րա­րու­թիւն­նե­րուն մա­սին ու հե­տե­ւեալ կո­չը ուղ­ղեց թրքա­կան իշ­խա­նու­թիւն­նե­րուն «­Գայ­թակ­ղե­ցու­ցիչ, ոչ-ժո­ղովր­դա­վար ու ժխտո­ղա­կան վար­չա­ձեւ մը, որ կը հա­մար­ձա­կի խօ­սիլ դի­ւա­նա­գի­տա­կան լե­զո­ւի ու վի­րա­ւո­րանք­նե­րու մա­սին։ ­Հա­մար­ձա­կու­թիւն ու­նե­ցէք ճանչ­նա­լու ­Հա­յոց ­Ցե­ղաս­պա­նու­թիւ­նը»։

Հա­յաս­տա­նի նա­խա­գա­հի աշ­խա­տա­կազ­մի ղե­կա­վար ­Վի­գէն ­Սարգ­սեան եւս միա­ցաւ դի­ւա­նա­գի­տա­կան այս նոր բա­նա­վէ­ճին ու անդ­րա­դառ­նա­լով ­Թուր­քիոյ նա­խա­գա­հի կող­մէ պատ­մա­բան­նե­րու յանձ­նա­ժո­ղով ստեղ­ծե­լու ա­ռա­ջար­կին՝ ը­սաւ, թէ ­Հա­յոց ­Ցե­ղաս­պա­նու­թեան հար­ցին մէջ ­Հա­յաս­տան շատ յստակ կեր­պով ար­տա­յայ­տած է իր դիր­քո­րո­շու­մը. պատ­մու­թիւնն ու­սում­նա­սի­րե­լու փու­լը վա­ղուց ան­ցած է, եւ ե­թէ ­Թուր­քիոյ մէջ ոե­ւէ մէ­կը ցան­կու­թիւն ու­նի ա-­ռերե­սո­ւե­լու պատ­մու­թեան հետ՝ բազ­մա­թիւ ճամ­բա­ներ կան։

«Այդ պատ­մու­թեան հա­յե­րու չափ ծա­նօթ են նաեւ թուրք քա­ղա­քա­կան գոր­ծիչ­նե­րը, հայ պատ­մա­բան­նե­րու չափ նաեւ՝ թուրք պատ­մա­բան­նե­րը», ը­սաւ ­Վի­գէն ­Սարգ­սեան։

Գա­լով այն հար­ցին, թէ ­Թուր­քիա կը յա­ջո­ղի՞ «փո­շի» փչել մի­ջազ­գա­յին հան­րու­թեան աչ­քին՝ ­Վի­գէն ­Սարգ­սեան այս­պէս ար­տա­յայ­տո­ւե­ցաւ. «Ես մին­չեւ այ­սօր մի­ջազ­գա­յին հան­րու­թեան մէջ չեմ տե­սած տրա­մա­բա­նող ոե­ւէ անձ, որ ը­սէ, թէ ­Հա­յոց ­Ցե­ղաս­պա­նու­թիւն չէ ե­ղած։ Ես յա­ճախ լսած եմ, որ ո­րոշ երկ­րի մը մէջ քա­ղա­քա­կան գոր­ծիչ­ներ ը­սեն, թէ այս պա­հուն նպա­տա­կա­յար­մար չեն նկա­տեր ճանչ­նալ ­Ցե­ղաս­պա­նու­թիւ­նը՝ մեկ­նե­լով քա­ղա­քա­կան հա­շո­ւարկ­նե­րէ։ Ես ժխտու­մի քա­ղա­քա­կա­նու­թիւն կը տես­նեմ միայն եր­կու եր­կիր­նե­րու մէջ՝ ­Թուր­քիոյ եւ Ատր­պէյ­ճա­նի»։