24 Ապրիլ 2015-ին Թուրքիա «մեծ շուքով» պիտի նշէ Չանաքքալէի ճակատամարտին յաղթանակի 100-ամեակը... (որու բուն թուականը Մարտին է...)

Հայոց ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցին ընդառաջ Թուրքիան յայտարարեց հերթական ստոր քայլի մը մասին: Ատրպէյճանի նախագահ

Իլհամ Ալիեւի հետ հանդիպումէն ետք Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան լրագրողներուն յայտնեց, որ 24 Ապրիլ 2015-ին թրքական պետութիւնը մեծ շուքով պիտի նշէ Չանաքքալէի (Կալիփոլի) ճակատամարտին արձանագրուած յաղթանակին 100-ամեակը:
Էրտողան ընդգծեց, որ այդ օրը Թուրքիա պիտի հրաւիրուին շարք մը պետութիւններու ղեկավարներ: Հայ ժողովուրդի մեծագոյն ողբերգութիւնը խորհրդանշող օրը թրքական պետութեան մէջ Չանաքքալէի յաղթանակը նշելու մասին լուրը մեծ բաւականութիւն պատճառեց Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւին, որ Թուրքիոյ նախագահին հետ տրուած մամլոյ ասուլիսին ընթացքին յայտարարեց. «Շնորհակալ եմ ձեզի այդ տարեթիւը ընտրելու համար: Ատիկա շատ իմաստուն քայլ է»:
Հետաքրքրական է, որ Չանաքքալէի ճակատամարտը տեղի ունեցաւ ոչ թէ 1915-ի Ապրիլին, այլ Մարտին: Ակնյայտ է, որ այս յայտարարութեամբ Էրտողան պատասխանեց Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Սերժ Սարգսեանի՝ Հայաստան այցելելու եւ Հայոց ցեղասպանութեան յիշատակի արարողութիւններուն մասնակցելու հրաւէրին՝ անուղղակիօրէն մերժելով զայն:

 

Թուրքիա-Ատրպէյճան առեւտրա-շրջանառութեան ծաւալը 2023ին պիտի հասնի 25 միլիառ տոլարի

Թրքական «Թուրքիյէ Կազեթես» լրատուական կայքին հաղորդումով՝ Էրտողան - Ալիեւ հանդիպումին յաջորդած մամլոյ ասուլիսին ընթացքին Էրտողան ըսած է նաեւ, որ Թուրքիա-Ատրպէյճան առեւտրա-շրջանառութեան ծաւալը ներկայ 5 միլիառ տոլարէն պիտի հասնի 25 միլիառ տոլարի՝ 2023ին։
Անդրադառնալով Լեռնային Ղարաբաղի հիմնախնդիրին՝ Էրտողան ըսած է. «Ծանօթացանք ղարաբաղեան խնդիրի կարգաւորման հետ կապուած վերջին զարգացումներուն: Կը տեսնենք, որ Մինսկի խմբակը անկեղծ չէ եւ անոնց ըսածները՝ անընդունելի»:
Իր կարգին, Ալիեւ ըսած է. «Ապրիլ 24ին, Տարտանելի մէջ միասին պիտի ըլլանք: Այդ օրուան ընտրութիւնը շատ կարեւոր է: Հայաստան խաղաղութիւն չ՛ուզեր: Մինսկի խմբակն ալ արդիւնքի չի հասնիր: Հայաստան կը շարունակէ գրաւուած պահել Ղարաբաղը, որ պատմական ատրպէյճանական հող է»:

Չաւուշօղլու անուղղակիօրէն կը սպառնայ Ուաշինկթընին

Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Մեւլուտ Չաւուշօղլու թրքական «Միլլիյէթ» օրաթերթին հետ հարցազրոյցի մը ընթացքին յայտարարած է, որ Թուրքիա չի փափաքիր Հայկական Ցեղասպանութեան պատճառով վատթարացնել Միացեալ Նահանգներու հետ յարաբերութիւնները։
Չաւուշօղլու պատասխանած է շարք մը հարցումներու՝ Ֆրանսայի մէջ տեղի ունեցած վերջին իրադարձութիւններուն, ահաբեկիչներու գործունէութեան, Կիպրոսի հարցին եւ Թուրքիոյ արտաքին քաղաքականութեան վերաբերեալ։ Պատասխանելով այն հարցումին, թէ Ապրիլ 24ին ակնկալուող Ցեղասպանութեան վերաբերեալ Միացեալ Նահանգներու յայտարարութիւնը կրնա՞յ փոխուիլ՝ Չաւուշօղլու ըսած է. «Մենք Միացեալ Նահանգներու հետ լաւ յարաբերութիւններ ունինք։ Չէինք ուզեր, որ անոնք վատթարանան»։