Եւրոպական խորհուրդի Խորհրդարանական վեհաժողովի մնայուն յանձնախումբը դատապարտած է Ատրպէյճանը՝ բանտարկեալներու արտայանձման մասին համաձայնագիրը Ռամիլ Սաֆարովը անյապաղ ազատ արձակելու նպատակով օգտագործելուն համար:

Յանձնախումբը բանաձեւը ընդունած է Բրիտանիոյ պատուիրակ Քրիսթոֆըր Չոփի զեկուցումին հիման վրայ, ուր մտահոգութիւն կը յայտնուի, որ համաձայնագիրը կիրարկուած է Ատրպէյճանին յանձնելէ ետք Ռամիլ Սաֆարովի անյապաղ ազատ արձակումը արդարացնելու համար:
Բանաձեւին մէջ կþըսուի, որ համաձայնագիրը նախատեսուած չէ դատապարտեալներու՝ հայրենիք հասնելուն պէս անյապաղ ազատ արձակման համար:
Հունգարիոյ մէջ ցմահ բանտարկութեան դատապարտուած ատրպէյճանցի սպայ Ռամիլ Սաֆարով 2012 թուականի Օգոստոսի վերջաւորութեան արտայանձնուած էր Ատրպէյճան: Հայրենիք հասնելուն պէս հայ սպայ Գուրգէն Մարգարեանը կացինով գազանաբար սպաննելուն համար դատապարտուած յանցագործը՝ պարգեւներու տիրացած էր եւ պաշտօնի բարձրացում ու պարգեւներ (տուն եւ 8 տարուան աշխատավարձ) ստացած էր: