Հունգարիոյ վարչապետ Վիկտոր Օրպանը յայտարարեց, որ պէտք է պայմաններ ստեղծել ատրպէյճանական կազը Կեդրոնական Եւրոպա հասցնելու համար

Հունգարիան եւ Ատրպէյճան ռազմավարական գործընկերութեան յուշագիր ստորագրեցին: Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւը պաշտօնական այցելութիւն կատարած էր Հունգարիա Նոյեմբերին, հանդիպելով Հունգարիոյ վարչապետ Վիկտոր Օրպանի հետ։

Հանդիպումէն ու բանակցութիւններէն ետք յայտարարուեցաւ, որ երկու կողմերը ռազմավարական համագործակցութեան յուշագիրի ստորագրման շուրջ համաձայնած են:
Օրպանը յայտարարեց, որ ատրպէյճանական կազը Կեդրոնական Եւրոպա հասցնելը կը համապատասխանէ Հունգարիայի եւ Եւրոպայի շահերուն: Ան նշեց, որ գոյութիւն ունեցող համաձայնագրերը հնարաւորութիւն կուտան ատրպէյճանական կազը մատակարարել Հարաւային Եւրոպա, եւ որ պէտք է պայմաններ ստեղծել այն Կեդրոնական Եւրոպա հասցնելու համար:
Budapest Business Journal-ի փոխանցմամբ, Հունգարիայի վարչապետը Եւրոմիութեան անդամ երկիրներուն յորդորեց կազի միասնական շուկայ ձեւաւորել՝ որպէս առաջին քայլ առաջարկելով իրար միացնել եւրոպական բոլոր երկիրներու կազատարներու ցանցը:
Politics հունգարական կայքի փոխանցմամբ, Ալիեւը, իր հերթին, ըսած է, որ Ատրպէյճանը էներգակիրներու նոր աղբիւր է Եւրոպայի համար՝ աւելցնելով, որ Ատրպէյճանը եւրոպական շուկայի կարիքը ունի։
Համատեղ ասուլիսին ընթացքին Իլհամ Ալիեւը ըսած է, որ երկու երկիրներու միջեւ յարաբերութիւնները արագօրէն կը զարգանան: Ան նաեւ ընդգծեց, որ Հունգարիայի եւ Ատրպէյճանի միջեւ ստորագրուած ռազմավարական յարաբերութիւններու մասին յուշագիրը ուղղուած է ընդհանուր նպատակներուն, համագործակցութեան յաջող զարգացման, ինչպէս նաեւ կþօժանդակէ Եւրոմիութեան հետ Ատրպէյճանի կապերու զարգացման:
Ստորագրուած են նաեւ շարք մը այլ համաձայնագրեր, ինչպէս՝ միջազգային աւիացիոն բնագաւառէն ու բարձր տեխնոլոգիաներու ոլորտէն ներս, ինչպէս նաեւ կրթական, երիտասարդական հարցերով համագործակցելու ուղղութեամբ:
Իլհամ Ալիեւը Հունգարիայի վարչապետին հրաւիրեց այցելել Ատրպէյճան՝ շարունակելու համար երկխօսութիւնը:
Neftegaz.ru կայքը կը նշէ, որ ապագային Շահդենիզ հանքավայրէն Թրանս-Ատրիադիկ գազատարով կը նախատեսուի տարեկան 10 միլիառ խորանարդ մեթր կազ արտահանել Եւրոպա՝ ծաւալները մեծցնելով մինչեւ 20 միլիառ խորանարդ մեթրի: Այդ ծրագիրը իրականացնելու պարագային Հունգարիան տարանցիկ երկիր կը դառնայ, որը ատրպէյճանական կազը ըս- տանալով Ռումանիայէն՝ այն կը մղէ Աւստրիա: Կազատարի կառուցումը կը նախատեսուի սկսիլ 2016 թուականին:
Ատրպէյճանական APA գործակալութեան փոխանցմամբ՝ Վիկտոր Օրպանի ու Իլհամ Ալիեւի հանդիպման ընթացքին քննարկուեցան փոխադարձ հետաքրքրութիւն ներկայացնող հարցեր, մասնաւորապէս՝ Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան, ինչպէս նաեւ Եւրոմիութեան շրջանակներուն եւ տարածաշրջանային համագործակցութեան առնչուող նիւթեր: