Էրտողան. «Թուրքիան թոյլ պիտի չտայ խեղաթիւրել 1915-ի իրադարձութիւնները»

Թուրքիան թոյլ պիտի չտայ խեղաթիւրել պատմական փաստերը, որոնց շարքին նաեւ 1915 թուականի իրադարձութիւնները։ Ըստ ատրպէյճանական Vesti.az կայքէջին, այս խօսքերով արտայայտուած է Թուրքիոյ նախագահ Ռեճէփ Էրտողանը Թուրքիոյ դեսպաններու համաժողովին ընթացքին:

Թուրքիոյ նախագահը իր ելույթին մէջ նշած է, որ այս տարի աշխարհի որոշ շրջանակներ պիտի նշեն «այսպէս կոչուած Հայոց ցեղասպանութեան» 100-րդ տարելիցը։
APA գործակալութիւնը, վկայակոչելով CNN Turk կայանը, կը հաղորդէ, որ Էրտողանը ճաշի հրաւիրած էր համաժողովին մասնակցած Թուրքիոյ դեսպանները եւ ճաշկերոյթին ժամանակ խօսած է նաեւ հայկական հարցերու մասին։
Ըստ այս հաղորդագրութեան, Էրտողանն ըսած է, թէ հայերը կը գերադասեն իրենց աշխուժութիւնը (էներգիան) վատնել «այսպէս կոչուած Հայոց ցեղասպանութիւնը» քաղաքականացնելու վրայ։
Աշխարհի տարբեր երկիրներու մէջ հաւատարմագրուած Թուրքիոյ դեսպաններու, դիւանագիտական ներկայացուցչութիւններու ղեկավարներու չորսօրեայ համաժողովը սկսած էր Երկուշաբթի օր։

Չավուշօղլուի յայտարարութիւնները

Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Մէվլիւթ Չավուշօղլու անդրադառնալով 1915ի հայկական դէպքերուն առընչութեամբ իր երկրին կողմէ կատարուած աշխատանքներուն, յայտարարած է, որ Թուրքիա 1915ի դէպքերուն մասին իր պատրաստութիւնները ձեւաւորած է, «նկատի առնելով մարդկային զգայնութիւնները»:
Նշած է, որ հայկական պնդումներու հետ պայքարի շրջագիծին մէջ, քաղաքական, ակադեմական, իրաւական, մշակութային եւ ժողովուրդին հետ հաղորդակցութեան բնագաւառներէն ներս, պետական ռազմավարութեան եւ արդի կեանքի պահանջներուն համապատասխան ձեւով, տենդագին աշխատանքներ կը կատարեն:
Ան այս մասին ըսած է հետեւեալը. «Բաց են մեր արխիւները եւ մենք չեն վախնար մեր պատմութեան հետ առերեսելէ։ Մեր նպատակն է թէ՛ Հայերը, թէ՛ այս նիւթը լիակատար կերպով արժեւորելէ խրտչող, կամ այդպէս ցոյց տուող երրորդ կողմերը ողջմտութեան եւ արդարութեան կողմը քաշել։ Պիտի շարունակենք մեր աշխատանքները, լոյս աշխարհ բերելու համար հայկական կողմի պնդումներուն մէջ ճշմարտացիութեան բաժինը։
Մեր աշխատանքները կը շարունակենք առանց լրջօրէն նկատի առնելու հատուցումի եւ հողային պահանջի նման իրաւական հիմքէ եւ տրամաբանութենէ զուրկ կարգ մը սխալ պահանջները, բայց նաեւ առանց արհամարհելու զանոնք»։