Թրքական «Թէ.24» կայքը կը հաղորդէ, որ Հրանդ Տինքը սպաննած Օկիւն Սամասթ նամակ գրած է Տինքի գործը քննած դատախազին‘ զգուշացնելով, որ կը պատրաստուի խօսելու:

Ան նախապէս յայտարարած էր, որ սպանութենէն երեք ամիս առաջ ինք հանդիպած է անձնաւորութեան մը հետ եւ միասին թէյ խմած են: «Պիտի բացայայտեմ, թէ ո՛վ էր այդ անձը եւ Տինքի սպանութեան հետ ի՛նչ առնչութիւն ունէր», ըսած էր ան:
Սամասթ Տինքի սպանութեան համար 22 տարուան բանտարկութեան դատապարտուած է:
Երկու տարի առաջ Սամասթ ըսած էր, որ սպանութիւնը տեղի ունեցած է երեք հանգրուանով, եւ խոստացած էր բացայայտել սպանութեան վերաբերեալ մանրամասնութիւններ, որոնց մասին նախապէս չէր յայտնած:
«Կայ բան մը, որ ո՛չ դատարանին մէջ, ո՛չ ալ որեւէ այլ տեղ ըսած եմ: Սպանութենէն երեք ամիս առաջ հանդիպած եմ անձնաւորութեան մը հետ, որուն հետ թէյ խմած ենք: Պիտի ըսեմ, թէ ո՛վ է այդ անձը եւ ի՛նչ կապ ունի Տինքի սպանութեան հետ», ըսած էր Սամասթ:
Այս օրերուն, երբ թրքական դատարանի որոշումով արտօնուած են Տինքի սպանութեան հետ առնչութիւն ունեցած թուրք պաշտօնեաներու հարցաքննութիւնները, Պոլսոյ նախկին ոստիկանապետ Ճելալետտին Ճերրահ հարցաքննութենէն խուսափելու պատճառաբանութիւն գտած է:
Ան տեղեկացուցած է, թէ փաստաբանը Թուրքիա չի գտնուիր, եւ առանց անոր ներկայութեան ինք ցուցմունք չի կրնար տալ:
Տինք սպաննուած է Պոլսոյ մէջ‘ 19 յունուար 2007-ին: