Թուրքիոյ մէջ Միացեալ Նահանգներու նոր նշանակուած դեսպան Ճոն Պաս «Հիւրրիյէթ Տէյլի Նիուզ»-ի հետ հարցազրոյցի մը ընթացքին ըսած է, որ Օսմանեան կայսրութեան տարածքին մէջ հայերու զանգուածային սպանութիւններու լիակատար եւ անկեղծ ճանաչումը կը բխի Թուրքիոյ եւ Հայաստանի շահերէն:

«Մենք, ինչպէս նախապէս, կը կարծենք, որ այդ ցաւալի իրադարձութիւններուն, զանգուածային սպանութիւններուն եւ ողբերգութիւններուն լիակատար եւ անկեղծ ճանաչումը կը բխի թէ՛ Թուրքիոյ, թէ՛ ալ Հայաստանի եւ մեր հասարակաց շահերէն‘ շրջանին մէջ կայունութեան ապահովման եւ ամրապնդման համար», ըսած է ան:
Դեսպանը աւելցուցած է, որ վերջին 20 տարիներուն 1915-ի իրադարձութիւններու հարցը սկսած է քննարկուիլ թուրք հասարակութեան մէջ, ինչ որ դրական տեղաշարժ է:
Պաս կարեւոր նկատած է նաեւ այն հանգամանքը, որ Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան ապրիլին‘ վարչապետ եղած ժամանակ, ցաւակցած էր 1915-ին զոհուած հայերու ժառանգորդներուն:
Պատասխանելով այն հարցումին, թէ արդեօք Միացեալ Նահանգներ կը պատրաստուի՞ն ճանչնալու Հայոց ցեղասպանութիւնը, դեսպանը ըսած է. «Այն, ինչ որ կրնամ ըսել այսօր, հետեւեալն է. մեր կառավարութեան տեսակէտը 1915-ին սկսած ողբերգական իրադարձութիւններուն վերաբերեալ յստակ է, եւ դուք զայն կը տեսնէք նախորդ տարիներուն Զոհերու յիշատակի օրը կատարուած մեր յայտարարութիւններուն մէջ»: