Աշխատանքային այցելութեամբ Ազրպէյճան գտնուող պատուիրակութիւն մը‘ Թուրքիոյ զինուած ուժերու սպայակոյտի յատուկ նշանակութեան ուժերու հրամանատար, զօրավար Զեքայի Աքսաքալլըի գլխաւորութեամբ, երէկ այցելած է ազրպէյճանական բանակի‘ «ճակատամերձ գօտի»-ին վրայ տեղակայուած զօրամասերէն մէկը, հաղորդեց ԱՓԱ լրատու գործակալութիւնը:

Աքսաքալլըն ազրպէյճանցի զինուորներուն յաջողութիւն մաղթած է «հայրենիքի պաշտպանութեան եւ գրաւուած տարածքներու ազատագրման գործին մէջ»‘ յայտարարելով. «Ես տեսայ, որ ազրպէյճանցի զինուորը, անոր նիւթական եւ թեքնիք ապահովուածութիւնը բարձր մակարդակի վրայ են: Ատիկա ինծի շատ կ՛ուրախացնէ: Թուրքիան միշտ Ազրպէյճանի կողքին է: Ազրպէյճանի եւ Թուրքիոյ զինուորները անյաղթ են: Ես յոյսով եմ եւ կը հաւատամ, որ այդպէս պիտի ըլլայ նաեւ ապագային»: