Ատրպէյճան մտադիր է համակարգման կեդրոններ բանալ ատրպէյճանական սփիւռքը համախմբելու միտումով, աշխատանքը սկսելով հայկական աշխուժ Սփիւռքի օճախներէն, Ամերիկայի, Ֆրանսայի, Ուքրանիոյ եւ Գերմանիոյ մէջ:
Ատրպէյճանական քարոզչութիւնը յառաջ տանելու, բայց փաստօրէն հակահայ քաղաքականութիւն կատարելու նպատակով հիմնադրուող այս կեդրոնները շուտով պիտի սկսին գործել: Ուքրանիոյ եւ Գերմանիոյ մէջ բացումը արդէն նախատեսուած է Նոյեմբեր-Դեկտեմբերի մէջ:
Ինչպէս կը հաղորդէ «Ազեր նիւզ» լրատուական կայքէջը կեդրոններու բացման եւ տարածման հարցը քննարկուած է թրքական եւ ազերիական պատուիրակութիւններու հանդիպման մը ընթացքին, Պոլսոյ մէջ: Թրքական պատուիրակութիւնը կը ղեկավարէր Թրքալեզու Պետութիւններու Խորհուրդի գլխաւոր քարտուղար Ռամիլ Հասանով եւ ազերիական պատուիրակութիւնը՝ Ատրպէյճանի պետական կոմիտէի սփիւռքի հետ աշխատանքի խորհուրդի ղեկավար Նարիման Գուրբանով: Ինչպէս յայտնի է կեդրոնները պիտի աշխատին ամրապնդել թրքախօս պետութիւններու ազդեցութիւնը միջազգային դաշտէն ներս:
Համախորհուրդ կայացած քննարկումներուն մաս կազմեց նաեւ Հայոց Ցեղասպանութեան 100ամեակի աշխատանքներուն դէմ միջամտութիւններ կատարելու պարագան:
Լուրը հաղորդող ազերիական կայքէջը կը նշէ թէ աշխարհի մէջ կը գործեն աւելի քան 150 հասարական, ազգային եւ մշակութային միութիւններ եւ կազմակերպութիւններ, որ աշխատանք կը ծաւալեն 30 երկիրներու մօտ, խթանելով ատրպէյճանական քարոզչամեքենայի գործը:
50.000էն մինչեւ 15.000 տոլար ամսական վճարումներ ամերիկեան լոպիստական ընկերութիւններու
Միացեալ Նահանգներու մէջ իրենց հեղինակութիւնը վերականգնելու նպատակով, Ատրպէյճանի իշխանութիւնները վարձած են Հանրապետական կուսակցութեան նախկին խորհրդական եւ քաղաքագէտ Լիզ Մէյըրը՝ 6 ամիսով պայմանագիր կնքելով անոր հետ։ Վերջինս իր «Մէյըր Սթրեթիճիզ» ընկերութեան միջոցով պիտի փորձէ ազդեցութիւն բանեցնել ամերիկեան հանրային կարծիքին ու քաղաքական շրջանակներուն վրայ։
Ընկերութիւնը ամսական 15.000 տոլար պիտի վճարուի իր սպասարկութեանց փոխարէն:
Ատրպէյճան ամսական 50.000 տոլար վճարելու պայմանով համաձայնագիր ստորագրած է յայտնի «Փոտեսթա Կրուփ» լոպիական ընկերութեան հետ: