«Արմէնփրես» վկայակոչելով թրքական «Անթալիապիւկիւն» կայքը, կը հաղորդէ, որ Թուրքիոյ իշխանութիւնները աճուրդի հանած են անցեալ դարասկիզբին Յունաստանէն բռնագրաւուած Լեւիսի (թրքական վերանուանումով՝ Քայաքոյ) գիւղը, որուն վերջին յոյն բնակիչները զայն լքած են 30 յունիս 1923-ին՝ Յունաստանի եւ Թուրքիոյ միջեւ բնակչութեան փոխանակման մասին համաձայնութեան հիմամբ:

Թուրքիան մտադիր է ներդրողներ գտնել յունական պատմական գիւղը վերականգնելու համար, որպէսզի այնտեղ զբօսաշրջիկներ ներգրաւէ: Գիւղին մէջ հարիւրաւոր քանդուած տուներ եւ երկու եկեղեցիներ մնացած են: Այժմ անիկա կողքի Ֆեթիէ ծովային հանգստեան վայր ժամանողներուն համար կ՛օգտագործուի իբրեւ կառատուն:

Գիւղի վերականգնման նախագիծով, որուն արժէքը 10,5 միլիոն եւրօ է, ներկայ դրութեամբ հետաքրքրուած են երկու ընկերութիւններ: Թրքական կառավարութիւնը յունական գիւղը կը փորձէ վաճառել արդէն երկրորդ անգամ ըլլալով: Առաջին աճուրդը ձախողած էր: Գործիչները Դիմատետրի վրայ «Քայաքոյի փրկութիւնը» էջը ստեղծած են՝ կոչ ուղղելով զայն վերանորո- գելու Յունաստանի մասնակցութեամբ եւ առանց վնասելու շրջակայ միջավայրին ու գիւղի պատմական արժէքին: Շատերն ալ դէմ են գիւղի վերականգնման՝ գտնելով, որ անիկա կրնայ կորսնցնել իր իւրօրինակութիւնը: