«ՌԻԱ Նովոսթի» կը հաղորդէ, որ Ֆրանչիսկոս պապը Նոյեմբերի վերջ Թուրքիա այցելութեան ընթացքին պիտի հանդիպի երկրի նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողանի եւ Պոլսոյ յոյն ուղղափառ եկեղեցւոյ պատրիարք Պարթոլոմէոսի հետ:

Պապի եռօրեայ այցելութիւնը պիտի սկսի 28 Նոյեմբերին. այցելութեան առաջին օրը Անգարայի մէջ հանդիպումներ պիտի ունենայ, ապա երկրորդ օրը՝ պիտի մեկնի Պոլիս, ուր պիտի այցելէ Այա Սոֆիա տաճար եւ Կապոյտ մզկիթ: Նոյն օրը ան քարոզ պիտի տայ Ս. Հոգի տաճարին մէջ: 29 Նոյեմբերին տեղի պիտի ունենայ Պարթոլոմէոս պատրիարքի հետ հանդիպումը: