Թրքական պատմական ընկերութեան կից գործող Հայկական հետազօտութիւններու հիմնարկի տնօրէն Քեմալ Չիչեք հրապարակած է Միացեալ Նահանգներու ազգային արխիւէն  քաղուած փաստաթուղթ մը, որ կը վկայէ, թէ 1920-ական թուականներուն ֆրանսացի զինուորներ հայերու դէմ բռնարարքներ գործած են:

Փաստաթուղթը, զոր Չիչեք թրքական «Հապերթուրք» օրաթերթին մէջ հրապարակած է, Կիլիկիոյ հայերու բողոքի նամակն է՝  ուղղուած Միացեալ Նահանգներու նախագահ Վուտրօ Ուիլսընին: Նամակը Ամերիկայի Հայաստանի անկախութեան ազգային կոմիտէի նախագահ Արշակ Մահտեսեանին ուղարկած է իզմիրցի քահանայ Մուշեղ Սերոբեան, որ բողոքած է Ատանայի մէջ Ֆրանսայի կիրարկած հակահայ քաղաքականութեան դէմ:
4 Հոկտեմբեր 1920 թուակիր նամակին մէջ, զոր Մահտեսեան կցած է իր զեկուցումին եւ ուղարկած նախագահ Ուիլսընի, կը նշուի, որ «թուրքերուն կողմէ Սեւրի դաշնագիրի ստորագրումէն ետք ֆրանսական բանակը սկսած է հայերու դէմ բռնութիւններ կատարել: Պայմաններ կը ստեղծուին Հայ ազգային կոմիտէի գործունէութիւնը խոչընդոտելու: Ատանայի մէջ թուրք բնակչութեան աճը ապահովելու նպատակով աքսորուած է հարիւր հազար հայ: Իսկ հայկական ճամբարներուն մէջ 14 հազար հայերու դէմ ճնշումներ կը գործադրուին՝ անոնց ստիպելով նոյնպէս հեռանալ: Իսկ երբ հայերը կը մերժեն, ֆրանսացի զինուորները անոնց զէնքով կը սպառնան»: