ՊՈԼԻՍ.- «Մարմարա» կը հաղորդէ, որ Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար եւ վարչապետութեան թեկնածու Ահմետ Տաւութօղլու յայտնած է, թէ Թուրքիոյ արտաքին քաղաքականութեան երկու հիմնական խնդիրներն են՝ Հայկական Հարցն ու Կիպրոսի տագնապը, եւ աւելցուցած է, թէ «Թուրքիա այս խնդիրներուն մէջ միշտ պիտի պաշտպանէ իր տեսակէտը»։

Չորեքշաբթի, Օգոստոս 27ին, Անգարայի մէջ տեղի ունեցաւ Թուրքիոյ իշխող Արդարութիւն եւ բարգաւաճում կուսակցութեան արտակարգ ժողովը, որուն ընթացքին կուսակցութեան նախագահի պաշտօնին միակ թեկնածուին՝ Տաւութօղլուի, ի նպաստ քուէարկեցին 1382 պատուիրակներ։
«Հիւրրիյէթ» կը նշէ, որ այդ ժողովին ընթացքին Տաւութօղլուի արտասանած խօսքը յագեցած եղած է պատմական եւ կրօնական խորհրդանիշներով։ Ան յիշատակած է Մուհամմետ մարգարէն, սուլթան Մեհմետ Բ. եւ հանրապետական Թուրքիոյ հիմնադիր Քեմալ Աթաթիւրքը։
«Միլլիյէթ» նոյն առիթով կը մէջբերէ Տաւութօղլուի արտասանած խօսքէն արտաքին քաղաքականութեան կարեւոր կէտերը՝ Կիպրոսի խնդիրը եւ Հայկական հարցը։ Յառաջիկայ վարչապետը նկատել տուած է, որ այդ քաղաքականութեան հիմնական դրոյթները երբեք չեն փոխուիր։ Տաւութօղլու շեշտած է. «Թուրքիոյ համար մարտավարական նպատակ կը մնայ Եւրոպական Միութեան անդամակցութիւնը»։
Թուրքիոյ համար քաղաքական կարեւոր խնդիրներու շարքին, ան անդրադարձած է նաեւ քրտական հարցին եւ «Կեզի» հանրապարտէզի պայքարին։ Տաւութօղլու ըսած է, որ քիւրտերու հետ յարաբերութիւններու խաղաղ կարգաւորման հոլովոյթը պիտի շարունակուի, ապա դատապարտած է «Կեզի» հանրապարտէզի զարգացումները՝ ըսելով, որ անոնց նպատակն էր «տապալել կառավարութիւնը»։