«Տեմոքրաթ հապեր» կայքը կը հաղորդէ, որ Ուրֆայի մէջ գտնուող հայկական եկեղեցիներէն երկուքը, որոնք Թուրքիոյ Հանրապետութեան տարիներուն մզկիթներու վերածուած են, բնակիչներուն ուշադրութեան կեդրոնին մէջ կը յայտնուին միայն Ռամատան ամսուան ընթացքին:

Ռամատան ամսուան արեւածագէն մինչեւ մայրամուտ ծոմ պահող թուրք հաւատացեալները կը սիրեն հանգստանալ եւ ծոմի աւարտին սպասել այս եկեղեցիներուն մէջ:
Ուրֆայի մէջ 1915-ին Հայոց ցեղասպանութեան պատճառով դատարկուած եկեղեցիներէն Ս. Աստուածածինն ու Ս. Առաքելոցը տասնամեակներ ետք մզկիթներու վերածուեցան:
Հին լուսանկարներուն մէջ կ՛երեւի, թէ քաղաքի համայնապատկերին մէջ ի՛նչ կարեւոր տեղ գրաւած է Ս. Աստուածածինը, որուն կողքին հայկական քոլեճ ու մէկ այլ եկեղեցի կը գտնուէր, իսկ այժմ անոր տեղ թրքական դպրոց է:
Ցեղասպանութենէն ետք մինչեւ Ուրֆայի բերդ երկարող հայկական թաղամասին հետ «ջնջուած» եկեղեցին նախ Անատոլուի նմանատիպ եկեղեցիներուն նման երկար տարիներ անխնամ մնաց՝ աւերակի վերածուեցաւ, ապա ելեկտրականութեան կայան դարձաւ:
1993-ին վերածուեցաւ մզկիթի եւ մէկ տարի ետք վերաբացուեցաւ արդէն իսլամ հաւատացեալներու համար:
Նման ճակատագիրի արժանացաւ նաեւ Ս. Աստուածածինէն 37 տարի առաջ՝ 1956-ին մզկիթի վերածուած Ս. Առաքելոց եկեղեցին, որուն կառուցման ճշգրիտ թուականը յայտնի չէ:
Նահանգապետարանի կայքին վրայ եկեղեցւոյ հայկական անցեալին մասին ոչ մէկ խօսք կայ: Միայն կը նշուի, որ այս երկու հին եկեղեցիները քրիստոնէական կարեւոր կեդրոններ եղած են:
Սակայն այս կառոյցներուն քրիստոնէական անցեալը կը շարունակէ մնալ բնակիչներուն յիշողութեան մէջ: 11 ամիս շարունակ անիկա չի գրաւեր իսլամ հաւատացեալներուն ուշադրութիւնը: Այն օրերուն, երբ շրջակայքի մզկիթները լեցուն կ՛ըլլան նամազ ընող իսլամներով, այս մզկիթի վերածուած եկեղեցիները այցելուներ չեն ունենար:
Անոնք կը լեցուին տարուան մէջ միայն մէկ ամիս: Այդ հետաքրքրութեան պատճառը Ուրֆայի 40 աստիճան տաքութիւնն է, երբ իսլամ համայնքը կը նախընտրէ տաքութենէն պատսպարուիլ եկեղեցւոյ մէջ եւ սպասել ծոմապահութեան աւարտին: