Պատմական պահեր ապրեցաւ յոյն հաւատացեալ ժողովուրդը, Իզմիրի Պասմանէ շրջանին մէջ գտնուող եւ Իզմիրի քաղաքապետութեան կողմէ վերջերս նորոգուած Ս. Վուքոլուսի եկեղեցւոյ մէջ մատուցուած պատարագին առիթով:

1922ի հրդեհէն փրկուած միայկ յունական եկեղեցին՝ Ս. Վուքոլոս տարբեր հանգրուաններէ անցաւ 1922էն ետք, օգտագործուելով որպէս պահեստանոց, դասական երաժշտութեան համերգասրահ, հնագիտական թանգարան եւայլն, մինչեւ որ նորոգուեցաւ եւ վերականգնեցաւ որպէս եկեղեցի:
Իզմիրի յոյն-քրիստոնէական համայնքը իր հոգեւոր կարիքներուն համար կ'օգտագործէ Հոլանտացի աւետարանականներուն կողմէ իրեն տրամադրուած եկեղեցի մը: Յոյսեր կան որ յետ այսու, անոնք պիտի կարողանան գործածել վերանորոգուած եկեղեցին: