Ներթափանցումի Հերթական Փորձի Կասեցում. 
Ատրպէյճան Տուած Է Զոհ Մը Եւ Վիրաւորներ

ԵՐԵՒԱՆ, «Ազատութիւն», «Նիուզ».- 5-6 Օգոստոսի լուսցող գիշերը՝ ժամը 11ին, սահմաններուն վրայ հակառակորդի յատուկ նշանակութեան ջոկատայինները Լեռնային Ղարաբաղի եւ Ատրպէյճանի զօրքերու շփման գիծի հարաւ արեւելեան՝ Մարտունիի (Եուսուֆջանլու) ուղղութեամբ ձեռնարկած են հետախուզական ներթափանցման փորձի մը։

Այս մասին կը տեղեկացնէ Լեռնային Ղարաբաղի պաշտպանութեան նախարարութեան մամլոյ ծառայութիւնը:
«Պաշտպանութեան բանակի դիրքապահ ստորաբաժանումների կազմակերպուած գործողութիւնների արդիւնքում, հակառակորդը տալով մէկ զոհ (Սահիլ Եաշարօղլու Թառլանլը) եւ վիրաւորներ, յետ է շպրտուել ելման դիրքեր», նշուած է այս առիթով հրապարակուած հաղորդագրութեան մէջ։
Բացի վերոյիշեալ փորձէն, 5-6 Օգոստոսին սահմանագիծի ամբողջ երկարութեամբ հակառակորդը զինադադարի դրութիւնը խախտած է շուրջ 370 անգամ, տարբեր տրամաչափի հրաձգային զէնքերէ հայ դիրքապահներուն ուղղութեամբ արձակելով աւելի քան 7000 կրակոց։ «Պաշտպանութեան բանակի առաջապահ զօրամասերի կողմից ձեռնարկուած օպերատիւ քայլերի արդիւնքում՝ հակառակորդի նախայարձակ գործողութիւնները կասեցուել են: Ներկայ դրութեամբ հայ դիրքապահները վստահօրէն վերահսկում են Լեռնային Ղարաբաղի պետական սահմանը», նշուած է նախարարութեան կողմէ։
«Մեր զինուած ուժերի գրոհային աւիացիան թռիչքներ է իրականացնում շփման գօտու երկարութեամբ», աւելի ուշ հաղորդած է Լեռնային Ղարաբաղի պաշտպանութեան նախարարութեան մամլոյ ծառայութիւնը՝ դիտել տալով, որ թռիչքները առնչուած են գետնի վրայ տիրող իրադարձութիւններուն:
«Անհրաժեշտութեան դէպքում Լեռնային Ղարաբաղի օդուժը թռիչքներ է իրականացնելու Արցախի օդային տարածքում», ըսած է Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան պաշտպանութեան նախարարութեան բանբեր Սենոր Հասրաթեանը՝ մեկնաբանելով Ատրպէյճանի պաշտպանութեան նախարարութեան այն յայտարարութիւնը, որ պիտի ռըմբակոծէ Արցախի օդային տարածքին մէջ յայտնուող հայկական ռազմական օդանաւերը։ «Ադըրբեջանի պաշտպանութեան նախարարութեան այսօրուան յայտարարութեան բովանդակութիւնից մենք գալիս ենք այն հետեւութեան, որ Ադրբեջանի ինչպէս միւս ոլորտները, այնպէս էլ հակաօդային պաշտպանութիւնը գտնւում է բաւականին ցածր վիճակում: Ադրբեջանը թող կարգի բերի իր սեփական հակաօդային պաշտպանութիւնը եւ կարողանայ հաւաստանշել մեր օդուժի թռիչքները, նոր միայն հանդէս գայ իրականութեանը չհամապատասխանող պաշտօնական հաղորդագրութեամբ», հաստատած է Սենոր Հասրաթեան:

Շաւարշ Քոչարեան.
«Պաքուն Կը Մոլորեցնէ Իր Ժողովուրդը»

Ղարաբաղեան սահմանագիծին եւ հայ-ատրպէյճանական սահմանին վրայ լարուածութեան սրումին ժամանակ Ատրպէյճանի նախագահին երկրէն դուրս գտնուելու մասին յայտարարութեամբ Պաքուն կը մոլորեցնէ սեփական ժողովուրդը: Այս մասին երէկ յայտարարեց Հայաստանի արտաքին գործոց փոխ նախարար Շաւարշ Քոչարեան:
Մեկնաբանելով Պաքուի յայտարարութիւնը, թէ հետախուզական գործողութիւնները չէին կրնար կազմակերպուած ըլլալ ատրպէյճանական կողմէն, քանի որ Իլհամ Ալիեւ իր երկրին մէջ չէր, Քոչարեան ընդգծեց. «Իսկ ո՞վ ըսած է, որ հրամանը տրուած է հետախուզական գործողութիւնները սկսած օրը: Աւելի՛ն, ամէն ինչ կը խօսի այն մասին, որ ատրպէյճանական կողմը այդ գործողութիւններուն նախապէս պատրաստուած է: Ի վերջոյ, հրամանը կարելի է տալ նաեւ գտնուելով արտասահմանի մէջ»:
«Նախագահին աշխատակազմին մէջ շատ լաւ կը հասկնան, որ նախագահին երկրէն բացակայելուն վերաբերեալ այդպիսի յայտարարութեամբ կարելի չէ ժխտել միջազգային հանրութեան համար ակնյայտ փաստը, որ լարուածութեան սրումը նախաձեռնողը եղած է ատրպէյճանական կողմը: Սակայն յայտարարութիւնը եղած է, եւ ատոր նպատակն է շարունակել սեփական ժողովուրդը մոլորեցնելու քաղաքականութիւնը», յայտարարեց Հայաստանի արտաքին գործոց փոխնախարարը՝ շարունակելով. «Այդ պատճառով, կապուած ծրագրուած հետախուզական գործողութիւններու, ինչպէս նաեւ Ատրպէյճանի առաջնորդի վարկանիշի բարձրացման ուղղուած քարոզչական արշաւին տապալումով, անոր աշխատակազմը պարզունակ յայտարարութիւն ըրաւ, որ նախագահը ատոր հետ ոչ մէկ կապ ունի, քանի որ արտասահման կը գտնուէր: Որքա՛ն պէտք է չյարգել սեփական ժողովուրդը, որպէսզի կարելի ըլլայ փորձել այդպիսի ակընյայտ սուտ հրամցնել վերջինիս»:
«Նման իրավիճակներէ խուսափիլ եւ կըրկին ստիպուած չըլլալ երկրին մէջ չգտնուիլ կարելի է պարզ միջոցով. դադրեցնել իրավիճակի լարումը եւ ուղղել ջանքերը դէպի բանակցային հուն»:


Սէյրան Օհանեան
Եւ Բրիտանիոյ Դեսպանը
Քննարկեցին Սահմանագիծին
Իրավիճակը

Հայաստանի պաշտպանութեան նախարար Սէյրան Օհանեան եւ Հայաստանի մէջ Բրիտանիոյ դեսպան Քեթրին Լիչ քննարկեցին ղարաբաղեան-ատրպէյճանական սահմանագիծին եւ հայ-ատրպէյճանական սահմանին վրայ տիրող իրավիճակը:

Դեսպանը իր ցաւակցութիւնը յայտնեց վերջին օրերուն հայ-ատրպէյճանական սահմանին վրայ տեղի ունեցած միջադէպերուն ընթացքին զոհուած զինուորներու ընտանիքներուն:
Նախարարը իր կարգին ներկայացուց սահմանագիծին վրայ տիրող կացութիւնը:
Հայաստանի պաշտպանութեան նախարարութեան եւ Երեւանի մէջ Բրիտանիոյ դեսպանատան տարածած միացեալ հաղորդագրութեան մէջ ըսուած է նաեւ, որ կողմերը ի- րենց մտահոգութիւնները յայտնած են լարուածութեան սրումին վերաբերեալ եւ կարեւոր նկատած իրավիճակը կայունացնելու անհրաժեշտութիւնը:
Զրուցակիցները վերահաստատած են տագնապը ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի ծիրին մէջ բացառապէս խաղաղ բանակցային միջոցով լուծելու դիրքորոշումը:


Ֆրանսա. «Լեռնային Ղարաբաղի

Տագնապը Կրնայ Լուծուիլ
Միայն Բանակցութիւններու
Միջոցով»

Ֆրանսայի արտաքին գործոց նախարարութիւնը հրապարակած է Լեռնային Ղարաբաղի սահմանագիծին վրայ ստեղծուած իրավիճակին մասին յայտարարութիւն մը:
«Ֆրանսան մտահոգ է Լեռնային Ղարաբաղի շփման գիծին եւ հայ-ատրպէյճանական պետական սահմանին արիւնալի միջադէպերուն աւելնալով, միջադէպեր, որոնք վերջին օրերուն բազմաթիւ մարդկային զոհերու պատճառ դարձան:
«Լեռնային Ղարաբաղի տագնապը կրնայ լուծուիլ միայն բանակցութիւններու միջոցով: Ֆրանսա կոչ կ՛ուղղէ կողմերուն՝ յարգելու զինադադարի դրութիւնը եւ անյապաղ միջոցներու ձեռնարկելու լարուածութիւնը նուազեցնելու եւ նոր միջադէպերէն խուսափելու համար», ըսուած է յայտարարութեան մէջ:


Ալիեւ Այցելեց Աղտամի Շրջան

Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւ երէկ այցելեց Աղտամի շրջան, ուր տեղակայուած զօրամասերէն մէկուն մէջ Ատրպէյճանի պաշտպանութեան նախարար Զաքիր Հասանով երկրի ղեկավարին զեկուցած է ստեղծուած զինուորական իրադրութեան մասին, ապա Ալիեւ խումբ մը զինուորներու յուշանուէրներ յանձնած է: