Թուրքիոյ մէջ միշտ տեղքայլ ընելով կը շարունակուին երկու դատավարութիւններ որոնք շատ մօտէն կը շահագրգռեն հայութիւնը:

Մէկը Հրանդ Տինքի սպանութեան դատավարութիւնն է, միւսն ալ զինուոր Սեւակ Պալըքճըի սպանութեան դատավարութիւնը: Երկուքն ալ անհասկնալի ու աննշան պատրուակներով կը ձգձգուին:

Տարաբախտ Սեւակ Պալըքճըն զինուորական ծառայութեան ընթացքին՝ Ապրիլ 24ի օրով սպաննուած էր իր զէնքի ընկերներէն մէկուն կողմէ: «Ռատիքալ»ի մէջ հրատարակուած լուրի մը համաձայն, վերջին նիստի ընթացքին դատարանը ջնջած է զինուորական վճռաբեկին կողմէ ընդունուած վերջին որոշումը, աննշան պատճառաբանութեամբ:
Յաջորդ նիստը տեղի կ'ունենայ Սեպտեմբեր 18ին: