Ըստ իրենց՝ երկու զինուոր մահացած է

Ատրպէյճանը մշտապէս կը հերքէ առաջնագիծի վրայ իրագործուած գործողութիւններէն ետք ունեցած իրական կորուստները։

Որպէս կանոն, այդ կորուստները ատրպէյճանական կողմը միջադէպերուն յաջորդող օրերուն կը ներկայացնէ ինքնասպանութեան, անվտանգութեան կանոններու խախտման, անզգուշութեան, հիւանդութեան կամ ճանապարհի երթեւեկութեան պատահարի արդիւնք։
Օգոստոս 5-ին արդէն ատրպէյճանական կողմը յայտարարեց, որ այդ երկրի զինուած ուժերուն հերթական զինուած միջադէպ տեղի ունեցած է։ Ինչպէս կը հաղորդէ «Արմէնփրէս»ը վկայակոչելով APA լրատուական գործակալութիւնը, միջադէպը տեղի ունեցած է Ատրպէյճանի ՊՆ Բէյլագանի շրանին մէջ տեղակայուած զօրամասերէն մէկուն մէջ։ Զօրամասի զինուոր Ջաւիդ Ջալիլ օղլու Մամեդովը մահացած է «անզգուշութեամբ իրեն ամրկացուած զէնքէն արձակուած գնդակէն»։ Ատրպէյճանի ՊՆ մամուլի ծառայութիւնը հաստատած է փաստը։
APA-ն յայտնած է եւս մէկ զինծառայողի «անզգուշութենէ» մահուան մասին։ Երկու պատահարներն ալ պիտի ենթարկուին քննութեան։