ՊԱՔՈՒ.- Ատրպէյճանական «Էյ.Փի.Էյ.» լրատու գործակալութիւնը հաղորդեց, թէ երէկ Հինգշաբթի, Հոկտեմբեր 13ին, Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւ Պաքուի մէջ հանդիպում մը ունեցաւ Թուրքիոյ պաշտպանութեան նախարար Իսմեթ Եըլմազի գլխաւորած պատուիրակութեան հետ:


Ըստ նախագահի պաշտօնական կայքին, հանդիպման ընթացքին քննարկուած են երկկողմանի յարաբերութիւնները խորացնելու կարելիութիւնները:
Մինչ այդ, Եըլմազի գլխաւորած պատուիրակութիւնը հանդիպում ունեցած էր Ատրպէյճանի պաշտպանութեան նախարար Սաֆար Ապիեւի հետ:
Ատրպէյճանի մէջ տրուած հարցազրոյցի մը ընթացքին, Եըլամզ վստահեցուցած էր Ա- տըրպէյճանի իշխանութեանց եւ ժողովուրդին, թէ՝ Լեռնային Ղարաբաղի հարցով, Թուրքիա պիտի շարունակէ Ատրպէյճանի նեցուկ կանգնիլ:
Թուրքիոյ պաշտպանութեան նախարարը Պաքու ժամանած էր Հոկտեմբեր 12ին: Անոր կ՛ուղեկցէին Թուրքիոյ պաշտպանական արդիւնաբերութեան քարտուղար Մուրատ Պայար, ինչպէս նաեւ ռազմա-արդիւաբերութեան, քիմիական արդիւնաբերութեան ու մեքենաշինութեան մարզի թրքական ընկերութիւններու գլխաւոր տնօրէնները:
Իր կարգին, ատրպէյճանական «Թրենտ» լրատու գործակալութիւնը հաղորդեց, որ Թուրքիոյ պաշտպանութեան նախարարը այցելութեան ընթացքին յայտարարած է, որ Թուրքիա անհրաժեշտ ռազմական աջակցութիւն պիտի ցուցաբերէ Ատրպէյճանին, եւ վստահեցուցած է, թէ Թուրքիոյ եւ Ատրպէյճանի բանակներուն միջեւ գոյութիւն ունեցող սերտ համագործակցութիւնը պիտի շարունակուի...