Տոնեցկի «Մետալուրգի» ու Հայաստանի հաւաքականի կիսապաշտպան Գէորգ Ղազարեան կը տեղափոխուի յունական «Օլիմպիակոս» խումբին, կը գրէ sport express-ը:
Երեքշաբթի օրը ֆութպոլի Հայաստանի ազգային խումբի անդամ Գէորգ Ղազարեան առողջապահական քննութեան ենթարկուած է «Օլիմպիաքոս» խումբին մէջ։ Ղազարեան Երեւանի «Փիւնիկ»ի մարզադպրոցի սան է։ Հայաստանի ֆութպոլի ազգային խումբի կազմին մէջ մտաւ 2007ին։ Մինչ այդ մասնակցած է 41 հանդիպումներու եւ յաջողած է 9 կոլ։