Իրենց նստաշրջանը աւարտած, ներքին կուսակցական հաւասարակշռութիւններու պահպանման զոհ դարձած եւ հանրային կարծիքը վերաշահելու նպատակներով՝ վերակազմուեցաւ Յունաստանի կառավարութիւնը, որու նոր կազմին համար ընտրուած անուանացանկը՝ վերոյիշեալ թիրախները բաւարարելու կոչուած էր:
Շուրջ երկու շաբաթ տեւած նախապատրաստական խմորումներէ ետք, վարչապետ Անտոնիս Սամարաս որոշեց հանրային կարծիքին ցոյց տալ թէ եւրոընտրութիւններու եւ տեղական ինքնակառավարման ընտրութիւններու քուէատուփերէն բխած պատգամները ճիշդ ընկալեց:
Այսպէս, երեք հիմնական թիրախներու շուրջ կեդրոնացուց իր ընտրութիւնները:
Նախ՝ որոշեց հեռացնել կառավարութենէն այն նախարարները, որոնց անունը հանրային կարծիքին մօտ ուղղակի կապուած էր յունական ընկերութիւնը ճնշող յուշագրի ստորագրութեան հետ (օրինակ՝ Սթուրնարաս, Խածիտաքիս, Եորղիատիս, եւայլն):
Երկրորդ. նախարարի պաշտօնին կոչեց Աթէնքի Բ. ընտրաշրջանին պատկանող երեսփոխաններ, ուր «Նոր Հանրապետութիւն» կուսակցութիւնը լրջօրէն խոցուած էր:
Երրորդ. վարչապետը յստակացուց իր այս ընտրութիւններով թէ նոյնիսկ աշնան ան պատրաստ պիտի ըլլայ ընտրութիւններ իրագործելու երկրէն ներս:
Աւելորդ չէ նշել, թէ վարչապետարանէն բխած լրատուութիւնը կ'անդրադառնայ Տնտեսութեան նոր նախարար Կիքաս Խարտուվելիսի մտադրութեան՝ հարկերու նուազեցման յառաջանալու գծով, բացայայտ տարբերութիւն բերե- լով նախկին նախարար Սթուրնարասի որդեգրած ուղղութեան:
Աւելցնենք նաեւ, թէ փոփոխութեան ենթարկուած է Յունաստանի կրթութեան նախարար Տիմիթրիս Աւրամոփուլոս, եւ իր տեղը նշանակուած է Անտրէաս Լովերտոս: