Յունաստանի բարձրագոյն դատական ատեանը քննեց եւրոընտրութիւններուն մասնակցող կուսակցութիւններու արտօնութեան խնդիրը, վճռելով թէ 43 կուսակցութիւններ եւ դաշնակցութիւններ կրնան մասնակցիլ 25 Մայիսին կայանալի եւրոընտրութիւններուն:

Նման արտօնութիւն տրուեցաւ նաեւ «Ոսկեայ արշալոյս» խմբակցութեան, որու մասնակցութեան դէմ դատական բողոք ներկայացուած էր, որպէս ոճրային գործունէութիւն ունեցող խմբակցութիւն: Այսուհանդերձ դատախազաները մերժեցին բողոքը: