Քրտական ծագումով չորս թուրք քաղաքացիներ ձերբակալուեցան հելլէն ոստիկանութեան կողմէ, ահաբեկչական DHKP-C կազմակեր-պութեան մասնակցութեան ամբաստանութեամբ։
Անոնց բնակարանը խուզարկուեցաւ ոստիկանական ուժերուն կողմէ, ուր յայտնաբերուեցան մեծ թիւով զէնքեր, պայթուցիկ նիւթեր, լուսանըկարներ, եւայլն։
Թուրքիոյ իշխանութիւնները այս կազմակերպութիւնը ամէնամեծ ահաբեկչական կառոյցը կը համարէ, որ յարձակում գործած է արդարադատութեան նա- խարարութեան եւ Անգարայի մէջ Էրտողանի գրասենեակին դէմ։