ՎԱՐՇԱՎԱ.- Գերմանիոյ վարչապետ Անկելա Մերքելի հետ էր Յունաստանի վարչապետ Եորղոս Փափանտրէուի երէկ գիշեր կայացած հանդիպումը, Եւրոպական Միութեան երկիրներու արեւելեան գործընկերութեան վեհաժողովի ծիրէն ներս:

Ե. Փափանտրէու շնորհաւորեց Մերքելը, գերմանական խորհըրդարանէն ներս Յունաստանի օժանդակութեան միտող քայլերու վաւերացման առիթով:
Յունաստանի վարչապետը անպաշտօն տեսակցութիւններ ունեցաւ այլ եւրոպացի ղեկավարներու հետ եւս:

 

Հանրային պաշտօնեաներու ամսականները պիտի չանցնին 2.300 եւրօն

Յունաստանի հանրային պաշտօնեաներու խաւը հարուածող կառավարական նոր օրինագիծերը, բուռն հակազդեցութիւններու առիթ տուած են, ուր դիտել կը տրուի թէ պաշտօնեաներու գործէ ազատ արձակման պարագաները՝ սահմանադրութեան դէմ դրոյթներ են:
Նոր օրինագիծի հիմամբ՝ հանրային պաշտօնեաներու ամսականը կը սահմանափակուի մինչեւ 2.300 եւրօ, ինչ որ կը նշանակէ թէ բարձրաստիճան աշխատաւորները ամսական 1500 եւրօի նուազում պիտի կրեն:
Նոր օրինագիծը գործադրութեան պիտի դրուի Նոյեմբեր 1էն սկսեալ, ըստ տնտեսութեան նախարար Էվանկելոս Վենիզէլոսի յայտարարութեան:

 

«Թրոյքա»ն անդրդուելի կը մնայ

Աթէնք կը գտնուին եւրոպական վերա-հսկողութեան մարմնի՝ «թրոյքա»ի ներկայացուցիչները, որոնք հանդիպումներ ունեցան երէկ տնտեսութեան նախարարին հետ: Այսօր նախատեսուած է փոխադրութեան նախարար Ե. Ռակուսիսի հետ հանդիպումը, փոխադրամիջոցներու մարզէն ներս  կրճատումներու եւ միացումներու հարցերը քննելու համար:
Եւրոպական վերահսկիչ մարմինը անդրդուելի կը մնայ հանրային տարբեր  սպասարկութիւններու միացման կամ փակման պահանջքին, սեփականաշնորհումներու ամբողջացման, ամսականներու եւ թոշակներու գումարներու նուազեցման անհրաժեշտ քայլերուն վերաբերեալ: