Երէկ Կիրակի օր, հեռաձայնային զրոյց մը ունեցաւ Յունաստանի փոխ վարչապետ Էվանկելոս Վենիզէլոս, Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Ահմետ Տաւութօղլուի հետ, Կիպրական հարցի շուրջ քննարկումներ կատարելու նպատակով։

Մանրամասնութիւններ չկան, բայց Ահմետ Տաւութօղլու «Թուիթըր»ի իր հասցէին մէջ գրած է թէ «հարցին մասնակից բոլոր կողմերը, յատկապէս երաշխաւոր ուժերը, պէտք է բանակցութիւններուն աջակից դառնան»։
Կիպրական հարցը քննարկուեցաւ նաեւ Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարի եւ ՄԱԿի ընդհանուր քարտուղար Պան Քի Մունի, ինչպէս եւ Բրիտանացի արտաքին գործոց նախարար Ուիլիամ Հէյկի կողմէ։
Նման բովանդակութեամբ զրոյց ունեցաւ նաեւ Թուրքիոյ վարչապետ Թայիփ Էրտողանը, Սոչիի մէջ հանդիպում ունենալով Վլատիմիր Փութինի հետ։