Երէկ, Երեքշաբթի գիշեր, Ռիխթերի 4.2 աստիճանի նոր ցնցում մը խուճապի մատնեց կղզիի բնակիչները։ Վարչապետ Սամարաս նախարարական խորհուրդի նիստ հրաւիրած է այսօր, կէսօրէ ետք։

Ութերորդ օրն ըլլալով դժուար գիշեր մը անցուցին Քեֆալոնիայի բնակիչները, մինչ կղզիէն ներս երկրաշարժի յետ ցնցումները կը շարունակուին: Ժամանակի դէմ պայքար կը տանի նաեւ պետական համակարգը, իրենց բնակարաններէն դուրս մնացած հազարաւոր քաղաքացիներուն օգնութեան փութալու ճիգ կատարելով, օդի բոլորովին անբարենպաստ պայմաններու տակ:
Ժողովուրդը գիշերեց մարզադաշտերու, ինքնաշարժերու եւ հանրային կացարաններու մէջ: Երէկ, Քեֆալոնիան աղէտային գօտի հռչակուեցաւ։ Դպրոցները, տուները եւ հասարակական շէնքերը վերաքննութեան կ'ենթարկուին շրջանը այցելած ճարտարագէտներու յատուկ խմբակներու կողմէ: Ճարտարագէտներու խմբակը կը գլխաւորէ նախարար Մ. Խրիսոխոյիտիս: Ան յայտարարած է թէ յառաջիկայ երկու տարիներուն ընթացքին պետութիւնը պիտի ստանձնէ վարձքերու վճարումը, այն քաղաքացիներուն համար, որոնց տուները անբնակելի դարձած են։
Իր կարգին, հանրային աշխատանքներու նախարարութեան ընդհանուր քարտուղար Սթրաթոս Սիմոփուլոս, կոչ ուղղած է պատրաստ տնակներ եւ «քոնթէյնըր»ներ ուղարկելու մասին, նախնական ճամբարներ ստեղծելու եւ ժողովուրդը պատսպարելու մտահոգութեամբ:
Երկրաշարժի առաջին օրերուն ընթացքին շուրջ 750 տուն անբնակելի բնորոշուած էր, յատկապէս Փալիքի շրջանէն ներս, իսկ ներկայիս դարձեալ կը վերաքննուին բոլոր վնասուած բնակարանները։ Վնասուած է նաեւ Լիքսուրիի նաւահանգիստը։
Երէկ Քեֆալոնիա ուղարկուեցան 200 վրաններ եւ 1000 քնապարկեր:
Աթէնքի եւ համայն Յունաստանի արքեպիսկոպոս Իէրոնիմոս սրբազանը այցելեց կղզին, յայտնելով թէ եկեղեցին զօրավիգ պիտի կանգնի Քեֆալոնիայի բնակչութեան, օրական 500 հոգիի ճաշ ուղարկելով։ Արքեպիսկոպոսը այցելեց Այիոս Անտոնիոսի մարզադաշտը, ուր փոխադրուած են ծերանոցի պատսպարեալները, որոնք անօթի անցուցին նախորդ օրը։