Եւրոգօտիի մէջ գործազրկութիւնը 12 առ հարիւր տոկոս արձանագրեց
Eurostat-ի կողմէ հրատարակուած վերջին տուեալներուն համաձայն՝ Դեկտեմբերի ընթացքին Եւրոգօտիի մէջ արձանագրուած գործազրկութեան ցուցանիշը մնացած է անփոփոխ (ըստ նախորդ ամսուայ տուեալներուն)՝ 12 առ հարիւր տոկոսի վրայ։
Յունաստան իր կարգին, Եւրոպական Միութեան երկիրներու շարքին, իր տխուր առաջնութիւնը պահպանած է, գործազրկութեան 27.8 առ հարիւր ցուցանիշ արձանագրելով։
Ըստ Eurostat-ի տուեալներուն, 26.200 միլիոն մարդ աշխատանք չունի Եւրոպական Միութեան անդամ-երկիրներու ընդհանուրին մէջ, իսկ Եւրոգօտիին մէջ այս թիւը 19.010 միլիոն մարդ կը կազմէ։
Նոյեմբերին համեմատելով՝ Դեկտեմբերի մէջ գործազուրկներու թիւը 162.000-ով աւելցած է Եւրոպական Միութեան տարածքին։
Յունաստանի բարձրագոյն ցուցանիշին կը յաջորդէ Սպանիա՝ 25.8 գործազրկութեան ցուցանիշով։ Նշենք, որ Աւստրիոյ, Գերմանիոյ եւ Լիւքսեմպուրկի մէջ գործազրկութեան ցուցանիշը՝ 4.9, 5.1 եւ 6.2 առ հարիւր են։