Աթէնքի մէջ հանրային փոխադրամիջոցներու գործադուլը կը շարունակուի, դժուար պայմաններ ստեղծելով մայրաքաղաքին մէջ: Դարձեալ գործադուլի դիմած են թրամվայ, մեթրօ, հանրակառքերու եւ երկաթուղիներու պաշտօնէութիւնը: Գործադուլին այսօր կը միանան TAXI-ներու վարորդները 48 ժամուայ համար:

Հանրային փոխադրութեանց պաշտօնէութիւնը կը բողոքէ կառավարութեան կողմէ որդեգրուած խիստ քաղաքականութեան դէմ:
Փոխադրութեանց նախարար Եանիս Ռակուսիս կոչ ուղղեց աշխատաւորներուն՝ պատասխանատու կեց-ւածք ցուցադրել եւ ընդհանուր շահը դիտել...: Նախարարը դիտել տուաւ, թէ փոխադրամիջոցներու հանրային սպասարկութիւններուն մօտ պարտքեր կուտակուած են, որ մինչեւ 2011-ի վերջաւորութիւն՝ 150 միլիոն եւրօի պիտի հասնին: