Կազի պեղումներու հարցը լարած կը պահէ մթնոլորտը


Ընթացքի մէջ է Յունաստանի աշխարհաքաղաքական տարածաշրջանէն ներս «ճատրակի» դժուարագոյն խաղ մը, ուր Անգարա եւ Նիկոսիա կիրքերը կը լարեն, մինչ Աթէնք ջղագրգռութեամբ կը հետեւի հարցին:


Կազի պեղումները արդէն սկսած են ծովային 12-րդ տարածութեան մէջ եւ 3000 մեթր խորութեան հասած: Թրքական մարտանաւերը մօտիկ ներկայութիւն ունին տուեալ շրջանէն ներս. նոյն պահուն գիտնականներով լեցուն թրքական  «Փիրի Ռէյս» նաւը լծուած է հետազօտական իր աշխատանքներուն: Ջղայնութիւնը կը սրի բոլոր կողմերէն, Անգարայի եւ գրաւուած Կիպրոսի ղեկավարներու գրգռիչ յայտարարութիւններով, հակառակ որ Նիկոսիա զուսպ եւ խոհեմ կեցուածք կը ցուցաբերէ: ՄԱԿը իր կարգին ինքնազսպումի կոչ ուղղեց երկու կողմերուն: Լրատու գործակալութիւններ հաղորդեցին, թէ ԱՄՆ որոշած է զօրակցիլ բնական կազի պաշարներ հետազօտելու Կիպրոսի իրաւունքին: ԱՄՆ կը հաւատայ թէ Թուրքիոյ եւ Կիպրոսի միջեւ ուժանիւթի մարզին վերաբերող վէճը պէտք չէ խանգարէ կղզիի վերամիացման համար քաղաքական հարցերու լուծումին: