Ձմրան ամէնէն ցուրտ օրն էր երէկ Յունաստանի տարածքին, ցած ջերմաստիճանով, զօրաւոր քամիներով եւ լեռնային ու հիւսիսային շրջաններու մէջ ձիւնամրրիկներով:

8-10 Պոֆոր ուժգնութեամբ փչող հովը պատճառ դարձաւ, որ փակ մնան Փիրէայի, Ռաֆինայի եւ Լաւրիոյի նաւահանգիստները, մինչ օրուայ ընթացքին յատկանշական էր ձիւնախառն անձրեւը, տարբեր շրջաններու մէջ:

Երկրի մարզային ու քաղաքապետական իշխանութիւնները յայտարարած են, թէ անտուն քաղաքացիներուն համար յարմար վայրեր կը տրամադրեն, որպէս ապաստան գտնեն ցուրտ օրերուն ընթացքին։