Կառավարական կուսակցութեան շարքերուն մէջ բողոքի մեծ ալիք ծագած է, երկու օր առաջ յայտարարուած տնտե սական խստագոյն որոշումներու կապակցութեամբ: Հինգ ժամ տեւած երէկուան խորհրդաժողովի մը ընթացքին, 30է աւելի երեսփոխաններ խօսք առին, խստօրէն դատապարտելով կառավարութեան որոշումները, եւ նախազգուշացնելով թէ՝ անտրամադիր են խորհրդարանէն ներս անոնց ի նպաստ քուէարկելու:

Երեսփոխանները կառավարութեան անկարող եւ անբաւարար գործելաձեւին վերագրեցին՝ երկրի արժանահաւատութիւնը կասկածի տակ առնող յայտարարութիւնները միջազգային գետնի վրայ, դիտել տալով թէ վատթարացած մթնոլորտին մէջ հետըզհետէ աւելի խստացող քայլերու պահանջքը զգացուեցաւ:
G
Նոյն պահուն երկրի քաղաքական ընդդիմութիւնը ամբողջութեամբ դէմ դասուեցաւ հանրաքուէի մը կայացման առաջարկին, ընտրութիւններէ խուսափելու «կառավարական խաղ» տեսնելով այս քայլին մէջ:
Երէկ կայացաւ աշակերտական եւ ուսուցչական կրթական մեծ քայլարշաւը, որ խորհրդարանին առջեւ յանգեցաւ, ոստիկանական ուժերու խիստ հսկողութեան տակ: Անգամ մը եւս խորհրդարանի շէնքը  երկաթեայ բարձր  ցանկապատով արգելափակուած էր: