100.000 հանրային պաշտօնեաներ իրենց գործերէն պիտի արձակուին

Յունաստանի կառավարութեան եւ եւրոպական «վերահսկողութեան» մարմնի՝ «թրոյքա»ի խորհրդակցութիւններու աւարտին, նոր խիստ հարուածներ կը հասնին երկրի աշխատաւոր, թոշակառու եւ պետական պաշտօնեաներու զանգուածներուն վրայ։

Վերջին օրերուն ընթացքին հնչած տարբեր տեսակի նոր օրինագիծերը, որ խիստ հարկային դրութիւն, ահաւոր կրճատումներ եւ գործէ արձակումներ կը նախատեսեն, յայտնի է թէ շուտով պիտի սկսին իրագործուիլ, մանաւանդ Eurogroup¬ի տագնապալի վերջին խորհրդակցութենէն ետք, երբ յայտնի դարձաւ թէ 2է աւելի միլիառ եւրօի գումար հարկաւոր է խնայել՝ 2012ին համար։
Յառաջիկայ երեք տարիներու ընթացքին 200.000 աշխատատեղ չեղեալ պիտի նկատուի եւ հանգրուանաբար պիտի ջնջուի, իսկ աշխատաւորներու ամսականները 15¬20%  նուազում պիտի կրեն։

Հանրային փոխադրամիջոցներու գործադուլ

Մայրաքաղաք Աթէնքի կեդրոնական պողոտաներուն վրայ ինքնաշարժները անշարժացած են այսօր, կանուխ առաւօտեան ժամերէն, հանրային փոխադրամիջոցներու գործադուլին պատճառով: Գործադուլին միացած են TAXI-ներու վարորդները,  օդանաւակայանի եւ տեղական ինքնակառավարման պաշտօնէութիւնը:
24 ժամուայ գործադուլ յայտարարած են ուսուցիչները, որոնք համակրթական մեծ հաւաք կը կազմակերպեն կէսօրուան ժամը 13:00ին: